By Asbarez | Friday, 25 March 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեան ազատ կացուցուած է Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնէն:
Քուշկեանի խօսնակ Շուշան Յունանեան <<Ազատութեան>> յայտնած է, որ աւելի կանուխ ան հրաժարական ներկայացուցած էր Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանին, որ ընդառաջած էր դիմումին։
<<Բակօ Սահակեանի հրաւէրով էր Յարութիւն Քուշկեանը գնացել Ղարաբաղ՝ նպատակով, որ պէտք է լուծի ոլորտի առաջնային խնդիրները: Իր առջեւ դրած խնդիրները լուծելուց յետոյ նա վերադառնում է Հայաստան>>, յայտնած է Յունանեան:
Քուշկեան <<Էրեբունի>> եւ <<Նայիրի>> բժշկական կեդրոններու սեփականատէրն է: Շուշան Յունանեան չէ յստակացուցած, որ ինչով պիտի զբաղի Հայաստանի մէջ։
Բակօ Սահակեանի հրամանով՝ Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարար նշանակուած է Ստեփանակերտի բժշկական կեդրոնի գլխաւոր բժիշկ Կարինէ Աթայեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ