Բակօ Սահակեան սահմանադրական բարեփոխումներուն հարցով խորհրդակցութիւն կը հրաւիրէ

By Asbarez | Friday, 25 March 2016

 

 

0325artsakhconst

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Մարտին գլխաւորած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ նուիրուած սահմանադրական բարեփոխումներուն: Նախագահը իր խօսքին մէջ նշած է, որ ինչպէս որեւէ պետութեան մէջ, Արցախի մէջ եւս հասարակական յարաբերութիւնները անընդհատ կը փոխուին՝ պահանջելով իրաւակարգաւորման նոր լուծումներ, որոնց մէկ մասը կը պատճառէ սահմանադրական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւն:

<<Ցանկացած փոփոխութիւն կատարելիս պէտք է ելնել երկրի անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ հասարակութեան համախմբուածութեան ամրա-պնդման հրամայականից: Դա պարտաւորեցնում է հանրային եւ պետական շահը վեր դասել ամէն ինչից>>, դիտել տուած է Բակօ Սահակեան: Ան շեշտած է, որ սահմանադրական բարեփոխումները հիմնուած պէտք է ըլլան ժողովրդավարութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան հետագայ ամրապնդման, իշխանութեան ճիւղերու հաւասարակշռութեան, պետական կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման վրայ՝ աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ամէն ինչ ընել գործընթացը բաց ու թափանցիկ, փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ կայացնելու համար:

<<Արցախի Հանրապետութիւնում իշխանութիւնը պատկանում է ժողովրդին, եւ հէնց ինքն է որոշում իր ապագան: Մեր ժողովրդի արժեհամակարգը, նրա պատմութիւնը եւ անցած ուղին, լաւատեսութիւնը եւ սեփական ուժերին ապաւինումը թոյլ կը տան նրան կատարել ճիշդ ընտրութիւն>>, եզրափակած է նախագահ Սահակեան:

Խորհրդակցութեան մասնակցած են Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի անդամները, օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական թեւերու ներկայացուցիչներ:

 



comments