Դաւիթ Լոքեան այցելեց Արագածոտնի մարզ եւ լսեց գիւղացիներուն մտահոգութիւնները

By Asbarez | Tuesday, 29 March 2016

 

 

0329davitlokian1

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան 28 Մարտին աշխատանքային այցելութիւն տուաւ Արագածոտնի մարզ, ուր Արագածոտնի մարզպետ Գաբրիէլ Գէօզալեանի ընկերակցութեամբ շրջագայեցաւ մարզի Թաթուլ, Հացաշէն, Սուսեր, Զարինջա, Նոր Արթիկ, Ցամաքասար գիւղերուն մէջ՝ ծանօթանալով տուեալ շրջաններուն դիմագրաւած հարցերուն։

Յատկանշական է, որ ընտրուած շրջանները մարզերու կեդրոնէն հեռու են եւ ընկերային–տնտեսական ծանր պայմաններ կը դիմագրաւեն։ Նախարարին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին շրջանի բնակիչները եւ գիւղապետերը անդրադարձած են առաջնահերթ լուծում պահանջող խնդիրներուն:

Թաթուլ համայնքի բնակիչներուն համաձայն՝ գիւղին մէջ առաջնահերթ է կաթի համար նախատեսուած յատուկ սառնարաններու ապահովումը: Անոնք խօսեցան նաեւ անասնակերի բարձր գիներու մասին: Նախարարը խոստացաւ քննարկել եւ եթէ կարելի ըլլայ գիւղին գոնէ երկու սառնարան տրամադրել, իսկ ինչ կը վերաբերի անասնակերի (թեփ) բարձր գինին՝ Դաւիթ Լոքեան նշեց, որ այս հարցը առկայ է նաեւ միւս գիւղերուն մէջ, ուստի իրենք կը փորձեն յստակացնել անասնակերի ներածման կապուած խնդիրները ու լուծում տալ անոնց։

Քննարկուեցաւ նաեւ քանի մը գիւղերու համար ալրաղաց կառուցելու, ինչպէս նաեւ Թալինի մէջ սպանդանոց հիմնելու հարցը, ինչ որ որոշ չափով պիտի թեթեւցնէ գիւղացիներու բեռը: Թալինի տարածաշրջանի գիւղերու բնակիչները հրատապ լուծում պահանջող խնդիրներէն յատուկ կերպով անդրադարձած են ճամբաներու նորոգութեան հարցին։ Կարգ մը գիւղերու մէջ ճամբաներու անմխիթար վիճակին պատճառով կարելի չ՛ըլլար երթեւեկել, ուստի կաթ մթերողները կը մերժեն այդ գիւղերը երթալ։

Համայնքապետերուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին նախարար Դաւիթ Լոքեան ուզեց գիտնալ, թէ ի՛նչ յստակ ծրագիրներու կարիք կայ՝ մեկնելով տուեալ գիւղին դիմագրաւած հարցերէն։

<<Մեր խնդիրն է շրջել գիւղ առ գիւղ, ուսումնասիրել, թէ տուեալ գիւղում ինչ պոտենցիալ կայ՝ բնական ռեսուրսներ, գիւղատնտեսական, արդիւնաբերական հնարաւորութիւններ եւ այլն, ինչի հիման վրայ մենք կը կարողանանք որոշ համայնքներում արտադրական ձեռնարկութիւններ հիմնել: Ես համոզուած եմ, որ առաջիկայում մենք կը կարողանանք իրագործել այդ խնդիրները>>, նշեց նախարարը:

Դաւիթ Լոքեան այցելեց նաեւ մարզին մէջ գտնուող <<Գոլդեն Գրեյփ Արմաս>> ընկերութեան գինիի-քոնեաքի գործարան, ծանօթացաւ գործարանի արտադրութեան եւ կարելիութիւններուն: Նախարարը այցելեց նաեւ Աշտարակի բժշկական կեդրոն, ծանօթացաւ հիւանդանոցի շէնքային պայմաններուն եւ խնդիրներուն: Բժշկական կեդրոնի տնօրէնին եւ մարզպետին հետ քննարկուեցաւ հիւանդանոցը բարելաւելու հարցը:

 



comments