By Asbarez | Thursday, 31 March 2016
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ» - Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը ամփոփած է հանրապետութեան 2015ի մարդահամարի նախնական ցուցանիշները՝ ըստ ամփոփաթերթերու տուեալներուն: Այս մասին կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը։
Ծառայութիւնը ամփոփած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2015ին կատարուած մարդահամարին ընթացքին հաշուագրուած բնակչութեան թիւին վերաբերեալ տեղեկութիւնները՝ ըստ մարդահամարի նպատակով ձեւաւորուած 501 հաշուային տեղամասերու ամփոփ տեղեկագիրներուն։ Ասոնց վրայ աւելցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու, կառավարութեան առընթեր Լեռնային Ղարաբաղի ոստիկանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ յատուկ կարգով հաշուըւած անձերուն վերաբերեալ ամփոփ տուեալները:
Մարդահամարին ընթացքին նկատի առնուած են այդ պահուն Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ գտնուող (մնայուն եւ ժամանակաւոր) բոլոր անձերը (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքացիները, օտար քաղաքացիները եւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձերը), ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնայուն (սովորաբար) բնակող, բայց մարդահամարի կատարման պահուն (1 Դեկտեմբեր 00:00 ժամի դրութեամբ) հանրապետութենէն բացակայողները (անկախ բացակայութեան ժամկէտէն): Ըստ այդ թուականի տուեալներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը հանդիսացած է 150,932 մարդ: Վերջնական տուեալները պիտի հրապարակուին Նոյեմբերին։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ