Կառավարութիւնը պիտի յանձնարարէ <<քննարկել եւ ստորագրել>> Ռուսական զէնքի մատակարարման համաձայնագիրները

By Asbarez | Thursday, 14 April 2016

 

0414gov rus

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Հայաստանի կառավարութեան յառաջիկայ՝ 15 Ապրիլի նիստի օրակարգին վրայ ներառնուած է <<Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան միջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեանը պետական արտահանման վարկ տրամադրելու մասին>> համաձայնագրի դրոյթներու իրականացման վերաբերող որոշման նախագիծը:

Ըստ կառավարութեան պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած նախագիծին՝ յատկապէս ելեւմուտքի նախարարին պիտի յանձնարարուի հսկել՝ համաձայնագիրով հայկական կողմին ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը, պաշտպանութեան նախարարին՝ յստակացնել Հայաստանին մատակարարուող ժամանակակից սպառազինութեան եւ ռազմական համակարգի ցանկը եւ Ռուսիոյ համապատասխան մարմիններուն հետ քննարկել եւ ստորագրել տրամադրուող վարկի ծիրին մէջ ժամանակակից ռազմական կարեւորութիւն ունեցող արտադրութեան մատակարարման համաձայնագիրները՝ արտացոլացնելով մատակարարումներուն ծաւալները, ժամկէտները եւ գիները:

 


 


comments