Աւանդական բազմամարդ ջահերթ`Երեւանէն դէպի Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակ

By Aztag Daily | Tuesday, 26 April 2016

Շաբաթ, 23 ապրիլ 2016-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին առիթով, Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր  սկիզբ առաւ ջահերով աւանդական երթը: Երթին մասնակցեցան բազմահազար երիտասարդներ, տարբեր կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու, ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ: Երթին  մասնակիցները նախ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Մեծ եղեռնին զոհ գացած աւելի քան 1,5 միլիոն հայորդիներու յիշատակին:

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Հայկ Իգիթեան դիմելով երթի մասնակիցներուն նշեց, որ այսօր եւս աշխարհը ականատեսն է թրքական ձեռագիրով վայրագութիւններու, խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացած ոճրագործութիւններու` մատնանշելով ապրիլի սկիզբը Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակողական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան դէմ, յատկապէս Թալիշի, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Մատաղիսի մէջ:

<<Վայրագութիւններ գործադրուեցան պատանիներու եւ ծերերու նկատմամբ, ուստի մեր պայքարը կը շարունակուի: Այսօր եւս երիտասարդներս հաւաքուած ենք այստեղ` միասնաբար պայքարելու եւ պահանջելու: Քանի տակաւին Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան չեն ենթարկուած, մեր ջահերը պիտի վառին եւ մեր պայքարը պիտի շարունակուի>>, ըսաւ Իգիթեան:

Իբրեւ բողոքի նշան ջահերթին մասնակիցները այրեցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պետական դրօշակները` իրենց զայրոյթը արտայայտելով այդ երկիրներու ժխտողական եւ յարձակողական քաղաքականութեանց նկատմամբ:

Մասնակիցները Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին շուրջ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Ցեղասպանութեան անմեղ սուրբ զոհերուն յիշատակին: Անոնք միասնաբար աղօթեցին, ապա կրակին շուրջ խոնարհեցուցին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն դրօշակները:

Նշենք, որ նմանօրինակ ջահերթ տեղի ունեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:

 


comments