By Asbarez | Thursday, 28 April 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Օսկանեան պաշտօնապէս յայտարարած է, թէ պիտի հիմնադրէ նոր կուսակցութիւն մը՝ <<Համախմբում>> անունով։ Կուսակցութեան նախաձեռնող խումբը այս առիթով հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ կուսակցութիւնը կը պատրաստուի հիմնադիր համագումարին, որուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի տրամադրուին օրէնքով սահմանուած կարգով:
Նորաստեղծ կուսակցութեան նախաձեռնող խումբի անդամները կը վստահեցնեն, որ իրենք անհիմն ու ինքնանպատակ կերպով պիտի չքննադատեն եւ ատելութեան քարոզ պիտի չտան: <<Սկզբունքօրէն մերժում ենք իշխանութիւն–ընդդիմութիւն հարթութեան մէջ ամէն ինչի բաժանումը սեւի եւ սպիտակի: Մենք վեր ենք կանգնելու ձեւաւորուած այդ յարաբերութիւններից: Հայաստանը մեր ընդհանուր տունն է, եւ մեր ժողովուրդն ունի միասնական շահեր: Հայաստանը մեր տունն է, որտեղ կան ոչ թէ թշնամիներ, այլ մրցակիցներ: Առկայ մարտահրաւէրներին դիմակայելու համար մենք պատրաստ ենք համագործակցել քաղաքական ամենատարբեր ուժերի եւ բոլոր այն շրջանակների հետ, որոնք տեսնում են խորքային փոփոխութիւնների անհրաժեշտութիւն ու կիսում են մեր մտահոգութիւնները, մեր շեշտադրումները եւ մեր նպատակը: Մեզ պէտք է իրական համախմբում, որը կը լինի ոչ թէ մէկ անձի կամ անձերի շուրջ, այլ յանուն գաղափարի եւ առանցքային խնդիրների լուծման>>, նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Համախմբում կուսակցութեան նախաձեռնող խումբի անդամներն են Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Օսկանեան, <<Պոլիտէկոնոմիա>> հետազօտական հիմնարկի տնօրէն, տնտեսագիտութեան թեկնածու Անդրանիկ Թեւանեան, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Էլինար Վարդանեան, Ստեփան Մարգարեան, Վահէ Յովհաննիսեան, քաղաքագէտ Երուանդ Բոզոյեան, <<Արաբօ>> ջոկատի հիմնադիր հրամանատար, ազատամարտիկ Մանուէլ Եղիազարեան, քաղաքագէտ Գեղամ Նազարեան, հոգեբանական գիտութիւններու թեկնածու Վահան Ղույումչեան, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Ռուբէն Կարապետեան, բեմադրիչ Վահէ Հախուերդեան, քաղաքագէտ Նինա Մարգարեան, գործարար Վարդան Թովմասեան, արեւելագէտ Արտակ Բշտիկեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ