By Asbarez | Wednesday, 11 May 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> - 10 Մայիսին Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան այցելած է Շուշի քաղաք եւ հանդիպում ունեցած ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին իբրեւ հետեւանք Մարտակերտի շրջանի տարբեր բնակավայրերէ տարհանուած եւ բերդաքաղաքի մէջ ապաստանած խումբ մը բնակիչներու հետ:
Ըստ աղբիւրին՝ վարչապետը ծանօթացած է տեղահանուած քաղաքացիներուն բնակութեան կենսապայմաններուն եւ անոնց հետ քննարկած վերադարձի առնչուած հարցեր: Ան նշած է, որ ինչպէս տարհանման ընթացքին, այնպէս ալ վերադարձէն ետք կառավարութիւնը պիտի շարունակէ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել անոնց խնդիրներուն:
<<Բացի Թալիշ եւ Մատաղիս գիւղերից, միւս համայնքների բնակիչներին կոչ եմ անում վերադառնալ իրենց օճախները, քանի որ նոր վտանգների հիմքեր չկան, եւ իրավիճակը մեր վերահսկողութեան տակ է: Ուզում եմ հաւաստիացնել, որ ձեր խնդիրները գտնւում են կառավարութեան ամէնօրեայ հոգածութեան ներքոյ, եւ ձեր վերադարձից յետոյ նոյնպէս պատրաստ ենք համապատասխան աջակցութիւն ցուցաբերել: Իսկ վերականգնողական աշխատանքներն ընթացքի մէջ են, եւ կորուստներ կրած քաղաքացիներին համապատասխան փոխհատուցում ենք տրամադրելու>>, ըսած է Ա. Յարութիւնեան եւ աւելցուցած, որ անհրաժեշտ է վերադառնալ եւ արագօրէն անցնիլ գիւղատնտեսական աշխատանքներուն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ