ՀՅԴ Հայ Դատի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են Սփիւռքի Նախարարին հետ

By Asbarez | Friday, 13 May 2016

 

0513haitad-diasp[ora

ԵՐԵՒԱՆ, <<Առաւօտ>> - 12 Մայիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի եւ յանձնախումբերու ու գրասենեակներու ներկայացուցիչները՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (Գանատա), Կարին Յարութիւնեան (Գանատա-Հայաստան), Սթիւ Տէտէյեան (Արեւմտեան Ամերիկա), Վաչէ Շամլեան (Գանատա), Վահէ Թորոսեան (Իրան) եւ Վերա Եագուպեան (Լիբանան):

Ողջունելով հիւրերը՝ Հ. Յակոբեան մեծապէս արժեւորեց ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի եւ յանձնախումբերու ու գրասենեակներու հայանպաստ գործունէութիւնը, յատկապէս այս անհանգիստ ու տագնապալի օրերուն հայրենիքին հետ ըլլալու եւ օժանդակելու պատրաստակամութիւնը: Ան յատկապէս նշեց. <<Վստահ եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման խնդիրը եւս համահայկական մեծ աւանդ ունեցող կառոյցի ամէնօրեայ հոգածութեան առարկայ է եւ այս օրերին չէր կարող Արցախում չլինել: Համոզուած եմ, որ ձեր ներկայութիւնը ոգեւորող էր>>։

Խօսելով այս օրերուն Արցախի մէջ տեղի ունեցած Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովին մասին՝ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին եւ աւելցուց. <<Մենք ալ ո՛չ միայն ոգեւորուեցանք, այլ նաեւ 60 մասնակիցներս լիցքաւորուած վերադարձանք Երեւան: Կը կարծեմ, թէ ժողովը Արցախի մէջ գումարելը կարեւոր էր>>։

ՀՅԴ Հայ Դատի ներկայացուցիչները անդրադարձան Արցախէն ստացած իրենց տպաւորութիւններուն, քննարկեցին Արցախի ներկայ իրավիճակը եւ անոր կապուած խնդիրներն ու կատարուելիքները: Խօսուեցաւ Հայաստան եւ Գանատա հաստատուած սուրիահայերուն խնդիրներուն մասին, եւ ճշդուեցան աջակցութիւն ցուցաբերելու կարելիութիւնները:

 



comments