Ստեփանակերտը կոչ կ՛ուղղէ Արցախէն դուրս ապաստանած Թալիշցիներուն՝ վերադառնալու

By Asbarez | Tuesday, 17 May 2016

0517talish


ԵՐԵՒԱՆ, <<Արցախփրէս>>.– Լեռնային Ղարաբաղի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Սամուէլ Աւանեսեան յայտարարած է, որ կառավարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին իբրեւ հետեւանք Մարտակերտի շրջանի առաւելապէս տուժած Թալիշ գիւղի բնակիչներուն մէկ մասին, որոնք տեղափոխուած են Հայաստանի տարբեր բնակավայրեր՝ հաստատելով, որ իրենք աշխատանք կը տանին, որպէսզի անոնք իրենց տուները վերադառնան։

Նախարարին համաձայն՝ ապրիլեան առաջին օրերէն սկսեալ նախարարութիւնը մնայուն եւ հետեւողական կապի մէջ է Հայաստանի մարզպետարաններուն, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան գաղթականներու պետական ծառայութեան եւ Երեւանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան հետ, ո-րոնք ամէնօրեայ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն այդ ընտանիքներու վիճակին մասին:

<<Արցախի Հանրապետութեան վարչապետի գլխաւորութեամբ ստեղծուած օպերատիւ շտաբի կողմից ապրիլին աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերի նախարարի առաջին տեղակալ Լենստօն Ղուլեանի գլխաւորութեամբ աշխատանքային խումբ էր գործուղուել Հայաստանի Հանրապետութիւն, որտեղ հանդիպել են Թալիշ գիւղից տարհանուած եւ տարբեր բնակավայրերում ապաստան գտած ընտանիքների հետ: Նրանց, մասնաւորապէս, առաջարկել ենք Արցախ վերադառնալ, որտեղ ապահով վայրում կը տրամադրենք ժամանակաւոր կացարան, կ՛ապահովենք առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներով եւ կը տանք սոցիալական լրացուցիչ երաշխիքներ>>, ըսած է Աւանեսեան՝ աւելցնելով, որ այս ընթացքին առանց ուշացումներու փոխանցուած են անոնց թոշակներն ու նպաստները:

Ըստ նախարարին՝ 16 Մայիսին Լենստօն Ղուլեանի գլխաւորութեամբ կրկին աշխատանքային խումբ մը գործուղուած է Հայաստան, ուր կրկին կայացած են հանդիպումներ նշեալ ընտանիքներուն հետ՝ դիտել տալով, որ վերադառնալու փափաք ունեցող բոլոր ընտանիքներուն պիտի տրամադրուին համապատասխան միջոցներ:

<<Յառաջիկայ օրերին կը սկսենք Արցախի տարբեր բնակավայրերում ապաստանած թալիշցիներին բնակարանային եւ վերը նշուած այլ պայմաններով ապահովման գործընթացը: Որպէս նախարար եւ այս գործում պատասխանատու պաշտօնեայ՝ կոչ եմ անում ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հետեւանքով Արցախից դուրս ապաստանած թալիշցիներին վերադառնալ: Մինչեւ վերջնականօրէն կը լուծուի Թալիշ գիւղում անվտանգ ապրելու երաշխիքների խնդիրը՝ ԱՀ կառավարութիւնը անվտանգ վայրերում նրանց կ՛ապահովի կենսական նշանակութեան բոլոր անհրաժեշտ պայմաններով>>, նշած է նախարարը:

Նախարարը ըսած է նաեւ, որ Մարտակերտի շրջանի բոլոր այն բնակավայրերէն, ուր տեղի ունեցած են բնակչութեան զանգուածային կամ մասնակի տարհանումներ, այս օրերուն մարդիկ սկսած են վերադառնալու իրենց տուները: <<Ինչպէս արդէն նախապէս յայտարարուել է, հակառակորդի հրետակոծութիւնից տուժած բոլոր բնակիչները կառավարութեան կողմից ստանալու են համարժէք փոխհատուցումներ>>, յայտնած է Աւանեսեան՝ մանրամասնելով, որ ռմբակոծումէն վնասուած բոլոր տուները քաղաքաշինութեան նախարարութեան կողմէ վերակառուցուած են կամ ընթացքի մէջ են, իսկ գոյքի ու սարքերու առնչութեամբ կը կատարուի գոյքագրում, եւ պիտի տրուին համապատասխան փոխհատուցումներ։

 


comments