By Asbarez | Friday, 20 May 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - 19 Մայիսին <<Երեւան էքսպօ>> ցուցահանդէսային համալիրին մէջ բացումը կատարուած է <<Նոր հեռանկարներ սուրիահայերու համար>> խորագիրը կրող ցուցահանդէսին: <<Տնտեսական հնարաւորութիւնների շաբա>>չ առեւտրական համաժողովի ծիրին մէջ կայացած ցուցահանդէսի բացման արարողութեան մասնակցած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Ցուցահանդէսին կը մասնակցէին սուրիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք Հայաստան տեղափոխուած եւ գործարարութեամբ զբաղող 70է աւելի սուրիահայ ընկերութիւններ ու անհատ ձեռնարկատէրեր:
Սերժ Սարգսեան ծանօթացած է տարբեր ոլորտներու մէջ գործարարական գործունէութիւն ծաւալած սուրիահայերուն աշխատանքին արդիւնքին՝ ցուցահանդէսին ներկայացուած արտադրատեսականիին եւ առաջարկուող ծառայութիւններու սպառման կարելիութիւններուն, ընթացիկ խնդիրներուն ու զարգացման ծրագիրներուն: Հայաստանեան մասնաւոր ձեռնարկութիւններ ցուցահանդէսին ընթացքին սուրիահայերուն ներկայացուցած են նաեւ իրենց մօտ առկայ աշխատատեղերը եւ ծառայութիւնները, իսկ պետական ու միջազգային հաստատութիւնները՝ աջակցութեան իրենց ծրագիրները:
Տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան, որ նաեւ այցելած է ցուցահանդէս, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, թէ ցուցահանդէսին մասնակցած են տարբեր ոլորտներու մէջ գործող սուրիահայեր. <<Գրեթէ բոլոր ներկայացուած ապրանքները, ծառայութիւնները Հայաստանի ռազմավարական եւ խոստումնալից ուղղութիւնների մէջ են մտնում: Սկսած ձեռագործ աշխատանքներից, վերջացրած տեխնոլոգիական նոր լուծումներ պարունակող սարքաւորումներով: Այդ ապրանքներն ու ծառայութիւնները կարող են իրացուել նաեւ Եւրասիական տնտեսական երկրների շուկաներում: Կայ միտք, կայ գաղափար, կայ որակ եւ ամենակարեւորը՝ ներկայացման ձեւ: Առաջիկայում աջակցութիւն կը ցուցաբերուի եւ դուք կը տեսնէք սիրիահայերի տնտեսութիւնների առաջընթացը: Այս փորձը ցոյց է տալիս, որ որքան էլ դժուարութիւններ կան, մարդիկ լաւատեսութեամբ են լցուած>>, յայտնած է նախարարը: Ան աւելցուցած է. <<Աջակցութիւնը կը լինի թէ ֆինանսական, թէ արտահանման սխեմաներում ներգրաւելու տեսանկիւնից: Դրան գումարած գովազդների արշաւների համաֆինանսաւորում, ապրանքների ցուցադրութիւնների կազմակերպում այլ երկրներում>>:
Տպագրութեան, հրատարակչութեան, ոսկերչութեան, փայտամշակման, զբօսաշրջութեան, ասեղնագործութեան, սարքաւորումներու արտադրութեան, հաստոցաշինութեան եւ այլ ոլորտներուն մէջ արտադրելու մեր հայրենակիցներուն ջանքերը Սերժ Սարգսեան նկատած է ոգեւորիչ եւ բարձր գնահատած ներկայացուած ապրանքներուն որակական յատկանիշները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ