Տասնեակ ընտանիքներ արդէն կը վերադառնան Մարտակերտ եւ Մատաղիս

By Asbarez | Friday, 20 May 2016

 

0520madaghis

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Լրագրող Յովհաննէս Մովսիսեան կը գրէ, թէ 18 Մայիսի լոյս գիշերը շփման գիծին մէջ կացութիւնը հանդարտ եղած է։ Պաշտպանութեան բանակը տեղեկացուցած է, որ սահմանային կրակոցներ հնչած են միայն տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ:

Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գերատեսչութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, որ սահմանապահ զօրամասերը կը տիրապետեն գետնի վրայ տիրող կացութեան եւ անհրաժեշտ քայլերու կը ձեռնարկեն՝ մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար:

Ներկայիս սահմանագիծին մէջ շինարարական աշխատանքներ կը կատարուին՝ նոր ճամբաներ կը փորուին, եղածը կ՛ամրացուի, æաբրայիլի ուղղութեամբ դիրքերը աւելի կ՛ընդարձակուին եւ կ՛ամրապնդուին։

Շինարարական աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան Մարտակերտի, Ներքին Յոռաթաղ գիւղի, Մատաղիսի, Ղարաբաղի այն քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, որոնք տուժած են ապրիլեան ռմբակոծման ընթացքին:

Նշենք, որ աւելի կանուխ այդ տարածքները այցելած էր Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ խոստացած, որ պետութիւնը պիտի աջակցի, որպէսզի կարելի ըլլայ շատ արագօրէն վերականգնել վնասուած բնակավայրերը:

Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութենէն <<Ազատութեան>> յայտնած են, որ տասնեակ ընտանիքներ արդէն կը վերադառնան Մար-տակերտ եւ Մատաղիս: Դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ, կեանքը կը վերադառնայ իր բնականոն հունին:

 

 



comments