By Asbarez | Thursday, 26 May 2016
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի մէջ ռազմական արդիւնաբերութիւն միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է, եւ անհեթեթ են այն պնդումները, թէ չունինք զէնքի արտադրութիւն. այս յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գիտական պետական կոմիտէի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեան:
Ըստ անոր՝ այլ հարց է, որ ոլորտը այնքան ալ համակարգուած չէր աշխատեր մինչեւ այսօր: Վերջերս, ըստ Յարութիւնեանի, կազմուած է ռազմաարդիւնաբերութեան կոմիտէ, որուն նախագահը պիտի նշանակուի 1-2 Յունիսին։
<<Կոմիտէն երկու հարց պէտք է լուծի՝ բաւարարի մեր բանակի կարիքները, եւ, ինչու չէ, նաեւ սկսենք զէնք վաճառել այլ երկրներին>>, յայտնած է Յարութիւնեան:
Պատասխանելով <<Երկիր>>ի այն հարցումին, թէ արդեօք ճի՞շդ են մամուլին մէջ շրջան ընող այն լուրերը, որոնց համաձայն, յառաջիկային կրնայ ըլլալ Հայաստանի մէջ արտադրուին անօդաչու թռչող սարքեր խոցող համակարգեր, Յարութիւնեան այո՛ ըսած է՝ աւելցնելով, որ ամէն բան կարելի է: <<Նման համակարգեր ստեղծելու աշխատանքներ արդէն իսկ տարւում են: Բացի այդ՝ մենք այն եզակի երկրներից ենք, որ անօդաչու ենք արտադրում եւ արտահանում: Մենք այն խեղճ ու կրակ երկրներից չենք, որ մտածենք՝ գալու են մեզ յօշոտեն>>, յայտնած է ան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ