Պիտի հրապարակուի 10 կարեւոր ապրանքներու ներածման փաստաթուղթերու ցանկը

By Asbarez | Friday, 27 May 2016



ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Տնտեսութեան նախարարութեան մէջ յառաջիկայ օրերուն պիտի հրապարակուի սպառողներու համար կարեւոր 10 ապրանքներու ներածման համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերու ցանկերը: 26 Մայիսի կառավարութեան նիստին այս մասին յայտնած է տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան: Այդ փաստաթուղթերով ապրանքներ ներածել պիտի կարենայ ոեւէ ձեռներէց:

<<Այդ ապրանքներ են կարագն ու արեւածաղկի ձէթը, ալիւրն ու հացահատիկը, շաքարը, հաւի միսը, բանանը ու նարինջը, բենզինն ու դիզելային վառելիքը: Էկոնոմիկայի նախարարութիւնը առայժմ սահմանափակւում է այս ապրանքներով, համարելով դրանք սպառողների համար ներմուծուող կարեւորագոյն ապրանքներ: Միանգամից բոլոր փաստաթղթերի հրապարակման համար ժամանակ է պահանջւում, քանի որ իւրաքանչիւր ապրանքի համար կան մի քանի տարբեր ընթացակարգեր, ըստ առեւտրի ռեժիմի: Հայաստանի արտաքին առեւտուրը բաժանւում է երեք ռեժիմի՝ երրորդ երկրներ առանց կանոնակարգման առանձնայատկութիւնների, երրորդ երկրներ՝ ազատ առեւտրի մասին պայմանագրերով ու կանոնակարգման առանձնայատկութիւններով ու վերջապէս՝ Եւրասիական միութեան երկրներ>>, յայտնած է նախարարը:

Եւրասիական տնտեսական միու-թեան ծիրին մէջ եւս կայ երկու ցանկ.  առաջինը՝ ապրանքներ ոչ զարգացած երկիրներէ, արտօնեալ դրութեամբ, երկրորդը՝ ապրանքներ զարգացող երկիրներէ, ուր կը կիրարկուին արտօնեալ տուրքեր:

Մինասեանի համաձայն՝ հաշուի առնելով փաստաթուղթերուն մեծ քանակը, սկիզբը պիտի հրապարակուի միայն 10 ապրանքներու վերաբերողը, բայց նախարարութիւնը հետագային պիտի հրապարակէ նաեւ սպառողական զամբիւղի մնացած ապրանքներուն վերաբերող փաստաթուղթերը:

Նշուած 10 ապրանքներուն վերաբերեալ փաստաթուղթերու ցանկերը ուղարկուած են Պետական եկամուտներու կոմիտէ ու Սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութիւն՝ անոնց  համաձայնեցման համար: Մինչեւ շաբաթուան աւարտը փաստաթուղթերը պիտի հրապարակուին www.mineconomy.am կայքին վրայ: Բացի անկէ պիտի մշակուի ծրագրային ապահովում, որով տնտեսութեան նախարարութեան կայքին վրայ կարելի պիտի ըլլայ որոնել ապրանքին կոտը, ըստ արտաքին տնտեսական գործունէութեան անուանացանկին:

 

comments

Advertisement