By Asbarez | Monday, 30 May 2016

28 մայիսին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան Սարդարապատի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով ապրիլի սկիզբը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած զինուորական գործողութիւններուն, ընդգծեց, որ մեծ յաջողութիւն ունեցած ենք` կրցած ենք ազրպէյճանական յարձակումին դէմ դնել եւ ետ մղել զայն: <<Կայ նաեւ փաստ` ժողովուրդի միասնական կեցուածքը, որ բոլոր յուսահատական արտայայտութիւնները ի չիք կը դարձնէ եւ ցոյց կու տայ, որ Ղարաբաղի հարցը իսկապէս կը շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդի հիմնական օրակարգը: Ցոյց կու տայ նաեւ մեր վճռականութիւնը, որ այս յաջողութիւնը պէտք է վերջնական յաղթանակի վերածել>>, ըսաւ ան:
Անդրադառնալով պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանի վերադարձին եւ այն դիտարկման, որ ան կու գայ, որովհետեւ Արցախի մէջ իրավիճակը մտահոգիչ է, Մարգարեան նշեց. <<Ես այդպէս չեմ կարծեր: Վերադարձած է, լաւ ըրած է, ուրախ եմ անոր համար: Չեմ կարծեր, որ ժամանակը ընդհանրապէս գերմարդոց պէտք ունի, գերմարդոց ժամանակաշրջանը անցած է>>:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի` պաշտօնը լքելու ցանկութեան մասին` ան շեշտեց, որ տակաւին առիթ չէ ունեցած անձամբ խօսելու Արթուր Աղաբեկեանի հետ: <<Բայց կը կարծեմ, որ բնական է>>, ըսաւ Մարգարեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ