By Asbarez | Saturday, 04 June 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութիւնը կը շարունակէ քննել զինուած ուժերու կարիքներուն համար տարբեր ապրանքներու գնման գործընթացին մէջ արձանագրուած չարաշահումներու դէպքերուն առթիւ յարուցուած քրէական գործերը:
Պաշտօնէական դիրքը չարաշահելու համար մեղադրանքներ առաջադրուած են զօրավար զօրավար-հազարապետ Մելսիկ Չիլինգարեանին եւ գնդապետներ Արմէն Մարգարեանին եւ Մհեր Պապեանին, որոնց նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ճշդուած է կալանաւորումը:
Նախնական քննութեան տուեալներով՝ նշուած անձերուն կողմէ պաշտօնական դիրքի չարաշահմամբ ձեռք բերուած են տարբեր ապրանքատեսակներ՝ շուկայի գինէն բարձր, իսկ որոշ պարագաներու գնումները կատարուած են, հակառակ անոր որ անոնց պահանջքը չկայ:
Մասնաւորաբար, բաւարար ապացոյցներ կան այն մասին, որ առանց համապատասխան պահանջքի ընկերութեան հետ կնքուած է շուրջ 145 միլիոն դրամի պահեստամասերու մատակարարման վերաբերեալ պայմանագիր, որուն իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած են չպահանջուած պահեստամասեր՝ ակնյայտ ուռճացուած գիներով:
Հայաստանի քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ երկրորդ քրէական գործի նախաքննութեամբ պարզուած է, որ գնդապետը, ի պաշտօնէ պատասխանատու ըլլալով գնման ենթակայ ապրանքներու, ծառայութիւններու շուկայական գիները ուսումնասիրելու համար, անձնական շահագրգռուածութենէ մեկնելով, բարենպաստ պայմաններ ստեղծած է՝ շարք մը ապրանքներու ձեռքբերման մրցումի ընկերութեան յաղթելու հաւանականութեան համար: Իբրեւ արդիւնք իր ազգականին կողմէ ղեկավարուող ընկերութեան հետ ստորագրուած է պայմանագիր՝ շուկայականէն շատ աւելի բարձր գիներով 29 անուանում ապրանքատեսակներու մատակարարման վերաբերեալ:
<<Ձեռք բերուած ապացոյցների համակցութեամբ՝ գեներալ–մայոր Մելսիկ Չիլինգարեանին եւ գնդապետ Արմէն Մարգարեանին Յունիսի 2ին մեղադրանք է առաջադրուել Հայաստանի քրէական օրէնսգրքի 375րդ յօդուածի 2րդ մասով, Մ.Պապեանին՝ քրէական օրէնսգրքի 375րդ յօդուածի 3րդ մասով: Նրանց նկատմամբ որպէս խափանման միջոց է կիրառուել կալանաւորումը: Նախաքննութիւնը շարունակւում է, իրականացւում են բազմածաւալ քննչական գործողութիւններ՝ բազմակողմանի, օբյեկտիւ եւ լրիւ քննութիւնն ապահովելու համար: Ենթադրեալ յանցանքի մէջ կասկածուողը կամ մեղադրուողը համարւում է անմեղ, քանի դեռ նրա մեղաւորութիւնն ապացուցուած չէ Հայաստանի քրէական դատավարութեան օրէնսգրքով սահմանուած կարգով՝ դատարանի՝ օրինական ուժի մէջ մտած դատավճռով>>, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ