Սէյրան Օհանեան գիշերը անցուցած է Մատաղիս–Թալիշ հատուածին մէջ

By Asbarez | Tuesday, 07 June 2016

0607seyran

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 4 Յունիսի ուշ երեկոյեան երկու հայկական հանրապետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմական համագործակցութեան ծիրին մէջ այցելած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:

Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ Սէյրան Օհանեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօր. Լեւոն Մնացականեանի եւ բանակի բարձրաստիճան հրամանատարութեան հետ այցելած է սահմանագիծի հիւսիս–արեւելեան ուղղութիւն:

Մատաղիս–Թալիշ հատուածին մէջ Սէյրան Օհանեան եւ Լեւոն Մնացականեան այցելած են սահմանագիծի տարբեր դիրքեր, զօրքերուն հետ տեղւոյն վրայ հետեւած են մարտական ծառայութեան կատարման, քննարկած զօրքերու պատրաստութեան առնչուող խնդիրներ, հետեւած կատարուող ճարտարագիտական աշխատանքներուն, զօրքերու կենցաղային պայմաններուն եւ սնունդին:

Նոյն օրը նախարար Օհանեան նոյն հատուածին մէջ գիշերը անցուցած է զօրքերուն հետ: 5 Յունիսին նախարար Սէյրան Օհանեան շարունակած է իր աշխատանքային այցելութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծի տարբեր հատուածներուն մէջ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան հետ այցելած է տարբեր դիրքեր, լսած հրամանատարներուն զեկոյցները եւ նախանշած մարտական ծառայութեան կատարման եւ համագործակցութեան առնչուող այլ հարցեր:

Այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նշեալ խնդիրները քննարկած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան հետ:

 



comments