By Asbarez | Wednesday, 08 June 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Հայկ Խանումեանը 6 Յունիսին խոշտանգման ենթարկելու փաստին առիթով յարուցուած է քրէական գործ: Այդ մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի ոստիկանութիւնը:
6 Յունիսին Ստեփանակերտ քաղաքի բնակչուհի Դիաննա Մովսիսեան տեղեկացուցած էր ոստիկանութեան Ստեփանակերտ քաղաքի վարչութեան, որ նոյն օրը՝ ժամը 12ի շուրջ, անյայտ անձեր առեւանգած եւ բռնութեան ենթարկած են իր ամուսինը՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատգամաւոր Հայկ Խանումեանը:
Հաղորդման հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի ոստիկանութեան քննչական վարչութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ՝ Լեռնային Ղարաբաղի քրէական օրէնսգիրքի 129րդ յօդուածի երկրորդ մասի առաջին, երկրորդ կէտերու յատկանիշներով՝ <<մի խումբ անձանց կողմից նախնական համաձայնութեամբ, կեանքի կամ առողջութեան համար վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելով կամ դրա գործադրելու սպառնալիքով մարդուն առեւանգելը>>:
Կազմուած է քննչական խումբ, որուն մէջ ներառուած են Լեռնային Ղարաբաղի ոստիկանութեան քննչական վարչութեան՝ յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան բաժինի եւ նոյն վարչութեան Ստեփանակերտ քաղաքի քննչական բաժինի քննիչները։
Հանրութիւնը պարբերաբար իրազեկ պիտի ըլլայ նախաքննութեան ընթացքին մասին:
Խանումեան Դիմատետրի էջին վրայ բռնութեան ենթարկուելուն մասին գրած է.
<<Ինձ ծեծելուց, ջարդելուց յետոյ, թուղթ են թելադրել, որը ես գրել եմ եւ ստորագրել, ինչպէս նաեւ վիդէօ են սարքել, որտեղ պահանջել են նշել, որ երէկուայ դէպքերը սխալ են եղել: Ուզում եմ ասել, որ թղթի ստորագրումը եւ վիդէօն եղել են տակտիկական քայլ՝ բեսպրեդելի ձեռքից ազատուելու համար, նամանաւանդ, որ արդէն կոտրուած էին կողերս, քիթս, այտոսկրս եւ այլն: Վիդէօն եւ թուղթը իրենցից ոչ մի ուժ չունեն, քանզի իմ կողմից դրանք արուել են ուժեղ ցաւերի եւ սպառնալիքների տակ>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ