Հայաստանի 570 շրջան չունի կեդրոնական ջրամատակարարում

By Asbarez | Wednesday, 15 June 2016

 

0615water

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ռատիօլուր>> - 1 Յունուար 2017էն  Հայաստանի ջրամատակարարման համակարգին մէջ ներկայիս գործող հինգ ընկերութիւններուն փոխարէն պիտի գործէ մէկ միասնական ընկերութիւն, այդպիսով ո՛չ միայն նոյնանման ծառայութիւն պիտի մատուցուի, այլ նաեւ միեւնոյն սակերը պիտի ճշդուին։

Հայաստանի մարզերուն եւ Երեւանի ջրամատակարարումով ներկայիս կը զբաղին հինգ ընկերութիւններ՝ <<Երեւան æուր>>, <<Հայ æրմուղկոյուղի>>, <<Շիրակ æրմուղկոյուղի>>, <<Լոռի Ջրմուղկոյուղի>> եւ <<Նոր Ակունք>> ընկերութիւնները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր գինը ճշդած է։ Ամէնէն սուղը կը գանձէ <<Նոր Ակունքը>>՝ 203 դրամ, ամէնէն աժանը՝ <<Երեւանջուրը>>՝ 171 դրամ: Այս հինգ ընկերութիւններուն հետ պետութիւնը հաստատած է կառավարման երկու ձեւ:

Միայն <<Երեւանջուր>>ն է, որ գումար կը վճարէ ու ծառայութիւններ կը մատուցէ, իսկ միւս 4ին պարագային պետութիւնը գումար կը վճարէ՝ կառավարում կատարելու  ու ծառայութիւններ մատուցելու համար:  Այս պարագային  նման  կառավարում արդարացուած չէ: æրային պետական կոմիտէի նախագահ Արամ Յարութիւնեան յայտնած է, որ  այս ոչ արդիւնաւէտ  կառավարումը առաջնորդեց տալու որոշում, որ 2017ին ըմպելի ջուրի եւ ջրամատակարարման համակարգերը ունենան  մէկ միասնական ընկերութիւն։

Արդէն մրցոյթին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած են չորս հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ՝ ֆրանսական <<Վէոլիա>>ն եւ <<Սաուռօ>>ն, իտալական <<Աչորա>>ն, ինչպէս նաեւ գերմանական երեք եւ մէկ տեղական կազմակերպութիւնէ բաղկացած առեւտրական ընկերութիւն: Այս ընկերութիւնները արդէն անցած են նախաորակաւորման փուլը:

Մատակարարող ընկերութիւնները պէտք է միաւորուին մէկ միասնական ընկերութեան մէջ, որ 15 տարուան ժամկէտով վարձու պիտի տայ Հայաստանի ջրամատակարարման համակարգերը: Մրցութային կարգով  ընտրուած կազմակերպութիւնն ալ պէտք  է այդ տարիներուն կատարէ 37 միլիառ դրամի ներդրում:

Պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն՝ Հայաստանի մէջ  շուրջ 570  շրջաններ ընդգրկուած  չեն կեդրոնական ջրամատակարարման սպասարկման տարածքներուն մէջ։  Աւելի պարզ՝ այս տարածքներուն մէջ ըմպելի ջուրի խողովակներ չկան, մարդիկ կա՛մ դոյլով  ջուր կը կրեն գիւղին մէջ գտնուող միակ աղբիւրէն, եւ կամ տակառներով ջուր կը գնեն։  Մէկ միասնական ընկերութիւն ունենալու պարագային ջրամատարկարման համակարգին մաս կը կազմեն նաեւ այս 570 համայնքները, ու ջուրը այս բնակիչներուն համար այլեւս ճոխութիւն չի համարուիր:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement