Բակօ Սահակեան ընդունած է Հայաստանի զինուած ուժերու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ

By Aztag Daily | Thursday, 16 June 2016

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 1 յունիսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետի առաջին տեղակալ, զօր. Էնրիքօ Ափրեամովի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Դաւիթ Փախչանեանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին, որուն ներկայ էր Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար զօր. Լեւոն Մնացականեան, քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այս մարզին մէջ երկու հայկական պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:


comments