Դաւիթ Լոքեան վարչապետին ներկայացուցած է Հայաստանի 2016-2025 թուականներու տարածքային զարգացման ռազմավարութեան նախագիծը

By Aztag Daily | Thursday, 16 June 2016

Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ 15 յունիսին տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի 2016-2025 թուականներու տարածքային զարգացման ռազմավարութեան նախագիծը:

Խորհրդակցութեան մասնակցած են Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փէոթր Սուիտալսքին, Եւրոպական Միութեան շարք մը ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ եւ շահագրգիռ գերատեսչութիւններու ղեկավարներ:

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան մանրամասն կերպով ներկայացուցած է 2016-2025 թուականներու տարածքային զարգացման ռազմավարութեան նախագիծը, փաստաթուղթի հիմնական նպատակները, սկզբունքները եւ ակնկալուող արդիւնքները: Դաւիթ Լոքեանի համաձայն, ռազմավարութեան հիմնական նպատակն է բոլոր մարզերու մրցունակութեան բարձրացումը` հիմք ընդունելով վերջիններուն ներքին ներուժը, թոյլ տալով առաւել ընդարձակ համարկում ազգային ու միջազգային տնտեսութիւններուն հետ, տարածքներուն մէջ համաչափութեան բարձր մակարդակի ապահովումը` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով զարգացած ամէնէն տկար տարածքներուն ու սահմանամերձ շրջաններուն: Ըստ նախարարին,  ռազմավարութեան կարեւորագոյն նպատակներէն է նաեւ պաշարներու կայուն օգտագործումով կիրարկել տարածքային զարգացման քաղաքականութիւն ու գործելակերպերու բարելաւում կատարել` տարածքային ու տեղական դերակատարներու աւելի աշխուժ մասնակցութեան ապահովման միջոցով: Զեկուցուած է, որ տարածքային զարգացման վերաբերեալ կառավարութեան ներկայ դիրքորոշումը ներկայացուած է Հայաստանի տարածքային զարգացման հայեցակարգին մէջ, որ ընդունուած է 2011-ին: Հայեցակարգին առաջադրանքն է տարածքներուն միջեւ զարգացման անհամաչափութիւնները հարթել եւ ազգային, մարզային ու տեղական իշխանութիւններուն համար շրջաններուն մէջ կարողութիւններու ստեղծման վերաբերող ծրագիրներ գործադրել:

Նախարար Դաւիթ Լոքեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ ռազմավարութեան նախագիծը մշակուած է Եւրոպական Միութեան հետ, եւ կ՛ակնկալուի, որ տարածքային զարգացման գործառնական առաջին ծրագիրը կը մշակուի 2016-2017 եւ կ՛իրականացուի 2017-2020 թուականներուն:

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան կարեւոր նկատած է ներկայացուած փաստաթուղթը, որուն իրագործումը պիտի նպաստէ տարածքային համաչափ զարգացման: Ան ընդգծած է, որ համայնքներու կայացման զուգահեռ պէտք է անոնց վերաբերող կառավարութեան լիազօրութիւնները ապակեդրոնացնել: Ըստ վարչապետին,  համայնքներուն ֆինանսական կարելիութիւնները բաւարար չեն համայնքային խնդիրները լուծելու համար, ինչ որ տնտեսական համաչափ զարգացման առումով խնդիր է: Այս պարունակին մէջ վարչապետ Աբրահամեան անհրաժեշտ նկատած է կառավարութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային կառոյցներուն աջակցութիւնը:

Փէոթր Սուիտալսքի կարեւոր նկատած է զարգացման ռազմավարութեան նախագիծը եւ ողջունած համայնքներու զարգացման վերաբերող կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնը: Ան նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը ասկէ ետք եւս պատրաստ է յաւելեալ ֆինանսական օժանդակութիւն տրամադրելու Հայաստանին` տարածքային զարգացման վերաբերող ծրագիրներու իրագործման համար:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement