Բակօ Սահակեան նախարար Մկրտչեանի հետ քննարկած է փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր

By Asbarez | Saturday, 18 June 2016

0618levopnM

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը 17 Յունիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները:

Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: Քննարկուած են Արցախի մէջ գիտութեան ու կրթութեան զարգացման եւ այս ոլորտին մէջ երկու հայկական հանրապետութիւններուն միջեւ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպման կը մասնակցէին Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլավա Ասրեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր։

Անկէ ետք նախարար Մկրտ-չեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելած է Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանին, որ շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրերուն Շուշիի արհեստագիտութեան համալասարանի հեռանկարներն ու կրթութեան ոլորտի հիմնախնդիրները Արցախի մէջ քննարկելու իրենց առաջարկը ընդունելուն համար: Կարեւոր նկատելով կրթութեան դերը երկրի զարգացման առումով՝ վարչապետը ներկայացուցած է Արցախի մէջ իրականացուող կրթական ծրագիրները. <<Եթէ մեզ յաջողուի զարգացում ապահովել կրթութեան ոլորտում, ունենալու ենք ծաղկող երկիր, այլ դէպքում՝ կը մնանք նոյն մակարդակին>>, ըսած է ան:

Շուշիի արհեստագիտութեան համալսարանի ստեղծումը լուսարձակի տակ առնելով՝ վարչապետ Յարութիւնեան յայտնած է, որ կրթական այդ բարձրագոյն կառոյցին կապուած մեծ հեռանկարներ կան, որոնց գլխաւորը հանրապետութեան մէջ մասնագիտացած եւ որակաւոր մարդուժի պատրաստութիւնն է։ Այս իմաստով կառավարութեան ղեկավարը դիտել տուած է, որ կ՛ակնկալուի հայաստանեան գործընկերներուն աջակցութիւնը:

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան վստահեցուցած է, որ պատրաստ են աջակցելու Արցախի մէջ իրականացուող կրթութեան զարգացման բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Ներկայացնելով Հայաստանի կրթութեան բնագաւառի հիմնախնդիրները՝ Լ. Մկրտչեան նշած է, որ կը պատրաստուին լուրջ բարեփոխումներ իրականացնել ոլորտին մէջ՝ կրթական համակարգի ձեւին ու բովանդակութեան համապատասխանեցման ուղղութեամբ:

 



comments