By Armen Press | Saturday, 24 October 2009
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տուած տեղեկութիւններով, Հոկտեմբեր 23ին, ՄԱԿի համաժողովի յանձնաժողովի կողմէ «Տարածաշրջանային զինաթափումն ու անվտանգութիւնը» օրակարգի քննարկման ընթացքին՝ ելոյթ ունեցած է ՄԱԿի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Կարէն Նազարեան, որ կարեւոր նկատած է միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու, յատկապէս՝ ՄԱԿի ու ԵԱՀԿի ու անոնց ծիրէն ներս ընդունուած պայմանագրերու եւ համաձայնագրերու նշանակութիւնը զինաթափման գործընթացին համար:
Հայաստանի ներկայացուցիչը ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի կողմէ Եւրոպայի Սովորական զինուած ուժերու (ԵՍԶՈՒ) մասին պայմանագրի դրոյթներուն կոպիտ խախտման փաստին վրայ: Ըստ իրեն, ՄԱԿի եւ ԵԱՀԿ պաշտօնական տեղեկատուութեան համաձայն՝ Ատրպէյճան կը շարունակէ զինուիլ եւ կը գերազանցէ ԵՍԶՈՒ պայմանագրով սահմանուած սովորական սպառազինութիւններու հինգ տեսակներէն՝ երեքին թոյլատրելի առաւելագոյն մակարդակները։ Ան նշած է, որ նման խախտումներն ու ատրպէյճանական ղեկավարութեան ռազմատենչ ու հայատեաց յայտարարութիւնները վտանգաւոր են տարածաշրջանային անվտանգութեան համար եւ կրնան բացասաբար անդրադառնալ ԼՂ հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին:
Քննարկումներու ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ Ատրպէյճանական կողմը, որ աւելի շատ եղած է «20 տոկոս գրաւուած տարածքներու, մէկ միլիոն փախստականներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ միջազգային հանրութեան աչքէն հեռու թաքցուած սպառազինութիւններու մասին» բաժնի կրկնութիւնը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ