By Asbarez | Friday, 18 November 2011
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբերին արդէն ժամանած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Ան նոյն օրը Նիւ Եորքի մէջ ունեցած է շարք մը հանդիպումներ:
Այս հանդիպումներու շարքին, նախագահ Սահակեան ԱՄՆ Արեւելեան ափի ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած է Արցախի վերաբնակեցման ծրագիրներ:
ԼՂՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ ԼՂՀ ընկերային-տնտեսական իրավիճակին, Արցախի միջազգային ճանաչման, Արցախ-Սփիւռք կապերու հետագայ զարգացման եւ Արցախի հարցի քաղաքական լուծման վերաբերող նիւթեր:
Նախագահը ընդգծած է, թէ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը ղարաբաղեան պետականութեան կարեւոր հիմքերէն է, եւ անոր շարունակական ամրապնդումը համայն հայութեան գերխնդիրներէն մէկը կը հանդիսանայ:
Նոյն օրը, Արցախի նախագահը այցելած է ԱՄՆ Նիւ Ճըրզի նահանգի Փարամուս քաղաքին մէջ գտնուող Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կեդրոնական գրասենեակը եւ հանդիպած կազմակերպութեան խումբ մը անդամներու հետ՝ գործադիր տնօրէն Լեւոն Ֆիլեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր նախագիծերու իրականացման հետ կապուած հարցեր: Առանձնակի ուշադրութիւն դարձուած է հանրապետութեան մէջ նախադպրոցական ցանցի զարգացման հարցին: Արցախի ղեկավարը նշած է, որ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը մեծ փորձ կուտակած է այս ոլորտին մէջ, եւ այս ուղղութեամբ անոր կողմէ ծաւալուող աշխատանքը աւելի քան պահանջուած է Արցախի մէջ:
Նախագահը նոյն օրը Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է նաեւ ամերիկացի բարերար Վըրճինիա Տէյվիսի հետ, քննարկելու համար Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուած հարցեր:
Նախագահ Բակօ Սահակեանի ի պատիւ, Նոյեմբեր 17ին, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանային մարմինին կողմէ կազմակերպուած է հանդիսաւոր ճաշկերոյթ մը, որուն հրաւիրուած են հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առնելով՝ նախագահ Սահակեան ներկաներուն ծանօթացուցած է ԼՂՀ սոցիալ-տնտեսական իրավիճակին, առկայ խնդիրներուն եւ զարգացման հեռանկարներուն:
Արցախի ղեկավարը ընդգծած է, թէ Արցախի ժողովուրդը հաստատակամ է իր անկախ պետութեան զօրացման գործին մէջ՝ այս տեսանկիւնէն բոլոր յաջողութիւններուն գրաւականը համարելով Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը:
Նախագահ Սահակեան նաեւ շեշտած է կարեւորութիւնը «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամին՝ Արցախի զարգացման գործին մէջ, զայն որակելով որպէս ներհայկական միասնականութեան ամրապնդման ամէնէն կարեւոր օղակներէն մէկը:
Վերոնշեալ հանդիպումներուն ընթացքին, նախագահին ընկերակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան, ԱՄՆի եւ Գանատայի մօտ ԼՂՀի մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ