Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Միջեւ Առեւտրաշրջանառութիւնը Աւելցած Է 10 Տոկոսով՝ Հասնելով 450 Միլիոն Տոլարի

By Asbarez | Saturday, 09 July 2016

0709armenorussian

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահներ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Ռուսիոյ փոխադրութեան նախարար Մաքսիմ Սոքոլովի գլխաւորութեամբ Ս. Փեթերսպուրկի Քոնսթանթինովեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 17րդ նիստը: Անկէ ետք Հայաստանի վարչապետ, հայկական կողմի համանախագահ Յովիկ Աբրահամեան եւ Ռուսիոյ փոխադրութեան նախարար, ռուսական կողմի համանախագահ Մաքսիմ Սոքոլով այս առիթով տուած են մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուցած են ժողովին արդիւնքները։

Վարչապետ Աբրահամեան տեղեկացուցած է, թէ ստորագրած են նիստին արձանագրութիւնը, որ կ՛ամփոփէ նախորդ տարուան ընթացքին յանձնաժողովին կատարած աշխատանքները եւ սահմանած մօտիկ ապագային երկկողմանի համագործակցութեան ուղղութիւնները:

«Այսօրուայ նիստում քննարկուեցին էկոնոմիկայի, էներգետիկայի, տրանսպորտի, իրաւա-պայմանագրային դաշտի, հումանիտար համագործակցութեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներին առնչուող հարցեր: Յատուկ ընդգծուեց առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ոլորտում արձանագրուած դրական տեղաշարժը, որի շարունակականութիւնն ապահովելու համար պէտք է օգտագործենք մեր ողջ ներուժը», դիտել տուած է Հայաստանի վարչապետը։

Իր կարգին նախարար Սոքոլով յայտնած է, որ այս տարուան ընթացքին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը աւելցած է 10 տոկոսով՝ հասնելով 450 միլիոն տոլարի, հայկական ապրանքներու Ռուսիա արտածումը աւելցած է քանի մը անգամով՝ անցնելով 125 միլիոն տոլարի սահմանը։ Անոր համաձայն՝ ակնյայտ է, որ, հակառակ արտաքին տնտեսական եւ քաղաքական լարուած իրավիճակին, Ռուսիա եղած է ու կը շարունակէ մնալ  Հայաստանի առեւտրական հիմնական գործընկերը:

«Մենք ամփոփեցինք միջկառավարական յանձնաժողովի նախորդ որոշումները, որոնք քիչ չեն, 16րդ նիստի արձանագրութեան մէջ կան գրեթէ 60 կէտ, որոնց մեծամասնութիւնը իրականացած է, ինչ որ յաւելեալ ազդակ կը հաղորդէ մեր յարաբերութիւններուն: Այդպէս պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է մատակարարուող ռուսական կազի գինի նուազեցման, Հայաստանին առանց տուրքերու նաւթամթերքներու ապահովման առումով, լուծուած են Վերին Լարսի անցակէտին մէջ յատուկ ուղեգիծի յատկացման կազմակերպման հարցերը, կայացած է ոուս-հայկական միջտարածաշրջանային 4րդ ֆորումը, Հայաստանի մէջ ստեղծուած է հայ-ռուսական մարդասիրական համագործակցութեան արագ արձագանգման կեդրոն: Ի հարկէ կեանքը կը շարունակուի, մենք ունինք նոր առաջադրանքներ, տակաւին նոր ստորագրեցինք միջկառավարական յանձնաժողովի 17րդ նիստի արձանագրութիւնը, որով շարք մը յանձնարարականներ տրուած են համապատասխան կողմերու գերատեսչութիւններուն, եւ ի հարկէ այդ յանձնարարականներու կատարման ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնեն եւ անոնց վերահսկեն յանձնաժողովի համանախագահները», ըսած է Ռուսիոյ փոխադրութեան նախարարը։

comments