By Asbarez | Thursday, 14 July 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան 13 Յուլիսին պատասխանած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանի հարցումին, որ կը վերաբերի Արամ Մանուկեանի տունը պահպանել–վերակառուցելու հարցին: Այս մասին <<Արմէնփրէս>>ին յայտնած են Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն:
Նախարարը ըսած է. <<Հայաստանի կառավարութեան 2004 թուականի Հոկտեմբերի 7ի N 1616ն որոշման, ճարտարապետ Բորիս Մեհրաբեանի նախագծով Արամի 9 հասցէում 1910թ. կառուցուած շէնքը, որտեղ ժամանակին բնակուել է անուանի քաղաքական եւ հասարակական գործիչ Արամ Մանուկեանը, ընդգրկուած է Երեւան քաղաքի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձանների պետական ցուցակում, որպէս հանրապետական նշանակութեան յուշարձան: Ներկայումս կառոյցը ներառուած է <<Հին Երեւան>> համալիրի կառուցապատման ներդրումային ծրագրում: Ըստ ծրագրի նախագծի՝ նախատեսուած է պահպանել եւ վերակառուցել գոյութիւն ունեցող շինութիւնը, որպէս ընդհանուր համալիրի մաս>>:
Անոր համաձայն՝ Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը՝ որպէս 2 Դեկտեմբեր 2014ին <<Մուլտիկոնտինենտալ Դիստրիբիւշն>> ընկերութեան հետ՝ ի դէմս զուիցերիաբնակ ներդրող Վարդան Սրմաքեշի, <<Հին Երեւան>> կառուցապատման ներդրումային ծրագիրին վերաբերեալ համաձայնագիրի Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ստորագրող կողմ, հետեւողական պիտի ըլլայ շէնքի պահպանման եւ վերակառուցման գործընթացներուն: Միեւնոյն ատեն նկատի առնելով հասարակական եւ քաղաքական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու կողմէ բազմիցս ներկայացուած առաջարկները՝ վերոյիշեալ շէնքին մէջ Արամ Մանուկեանի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած թանգարանային գօտի ստեղծելու մասին, Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը հետամուտ պիտի ըլլայ ծրագիրի իրականացման ընթացքին կառուցապատող ընկերութեան խնդիրը ներկայացնելու եւ իրագործելու հարցին գծով։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ