By Asbarez | Sunday, 17 July 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<ԵՐԿԻՐ>> - Կիրակի առաւօտեան խումբ մը զինուած անձեր մուտք գործած են ՀՀ ոստիկանութեան պահակային ծառայութեան գունդի տարածք եւ բռնութեան սպառնալիքով պատանդներ վերցուցած են:
Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է զինուած խումբի անդամներուն հետ: Հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Փաշինեան յայտնած է. <<ինչքան հասկացայ` այնտեղ եղել են 6 ոստիկան, իսկ ՀՀ փոխոստիկանապետ Վարդան Եղիազարեանն ու Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը եկել են յետոյ: 8 հոգի էին, մի հոգի գնաց հիւանդանոց, մնաց 7: Երկու ոստիկանների մասին հակասական տեղեկութիւններ հասան ինձ>>:
Նշենք, որ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը հաղորդեց, որ 1 ոստիկան (գնդապետ Արթուր Վանոյեան) սպանուած է, եւս 2ը` ծանրօրէն վիրաւորուած:
Ոստիկանութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնը զինեալներուն հետ:
Կատարուածի վերաբերեալ Yerkir.am-ի հետ խօսած ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան յայտարարած է. <<Այդ մարդիկ երկրում անհրաժեշտ փոփոխութիւններ իրականացնելու ամենասխալ եւ դատապարտելի ձեւն են ընտրել: Ծայրահեղական մտածողութիւնը ընդհակառակը նուազեցնում է որակական փոփոխութիւնների հնարաւորութիւնը: Զէնքով, բռնութեամբ, պատանդներով, ահաբեկչութեամբ հարցեր չեն լուծուելու: Վստահ եմ, որ նրանք հանրային լայն աջակցութիւն չեն կարող ունենալ: Վատ է նաեւ այն, որ այսօր արդէն միջազգային լրատուամիջոցներում թուրքական յեղաշրջման փորձը փոխարինուելու է հայաստանեան դէպքերով: Մնացածը իրաւապահների անելիքն է, որ մինչեւ այժմ, իմ կարծիքով, լաւ չեն կատարել>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ