By armenia.com.au | Tuesday, 19 July 2016

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը շարունակէ տեղեկատուութիւն տրամադրել 17 Յուլիսին Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին վրայ կատարուած զինեալ յարձակման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին մասին:
19 Յուլիսին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Հայաստանի իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները կը շարունակեն հետեւողական բանակցութիւններ վարել զինուած խումբի անդամներուն հետ՝ առանց յատուկ գործողութիւններու իրականացման անոնց իշխանութիւններուն յանձնուիլը կազմակերպելու եւ պատանդներուն ազատ արձակումը ապահովելու նպատակով:
«Հայաստանի իրաւապահ մարմիններն անում են հնարաւոր ամէն ինչ զինուած խմբին նոր արիւնահեղութիւնից յետ պահելու համար, եւ ունեն բաւարար ներուժ եւ կարողութիւններ իրենց առջեւ դրուած խնդիրներն իրականացնելու համար: Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յորդորում է բոլորին չմիջամտել իրաւասու մարմինների բացառիկ գործունէութեան տիրոյթում գտնուող հարցերի լուծմանը, չխոչընդոտել նրանց գործողութիւնների պատշաճ եւ արդիւնաւէտ իրականացմանը, դրանով իսկ աջակցելով ցանկալի վերջնարդիւնքի նուաճմանը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ