By Asbarez | Wednesday, 20 July 2016
ԵՐԵՒԱՆ - <<Հրապարակ>> օրաթերթը կը գրէ, թէ Կիրակի օր <<Սասնայ ծռեր>> խմբաւորման կողմէ Էրեբունիի մէջ գտնուող Երեւանի պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւելու առիթով Սերժ Սարգսեանի նոյն օրը հրաւիրած խորհրդակցութեան մասնակցած են ոստիկանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) պետերն ու տեղակալները: Ներկայ չեն եղած քննչական ծառայութիւններուն ղեկավարները, ինչպէս նաեւ գլխաւոր դատախազը, որ երկրին մէջ չի գտնուիր, որովհետեւ արձակուրդի մէջ է:
<<Խորհրդակցութեան ժամանակ նախագահը, մեր տեղեկութիւններով, <<շան լափ>> է թափել ուժային ղեկավարների վրայ, յատկապէս՝ ԱԱԾի: Նա հարց է բարձրացրել, թէ որտեղ է օպերատիւ հետախուզութիւնը, երբ իր քթի տակ մի քանի անձինք, չունենալով բարձր պատրաստուածութիւն եւ մեծ ռեսուրսներ, կարողացել են գրաւել ոչ աւել, ոչ պակաս՝ ոստիկանութեան շէնք: Այն դէպքում, որ ընդամէնը ամիսներ առաջ իրաւապահները զինուած յեղաշրջման պատրաստուող յանցախումբ են վնասազերծել, որի գործով անցնում է նաեւ Հիմնադիր խորհրդարանի առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեանը>>, նշած է թերթը:
Ասիկա, ըստ էութեան, ԱԱԾի երիտասարդ պետ Գէորգի Կուտոյեանի առաջին <<քննութիւն-փորձութիւնն>> էր, որուն մէջ ան ձախողեցաւ։ Կ՛ըսեն, թէ ստեղծուած իրավիճակը յատկապէս ԱԱԾ երկարամեայ նախկին պետ Գորիկ Յակոբեանի սրտով է, քանի որ նորանշանակ պետին նկատմամբ իր թերահաւատութիւնը արդարացուեցաւ:
Այլ լուրով մը <<Հրապարակ>> նաեւ գրած է, որ իրեն հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, Երեւանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով 1 օր կանուխ Ղարաբաղէն Երեւան վերադարձած Սերժ Սարգսեան նոյն օրն իսկ իր մօտ հաւաքուած ուժայիններուն հրահանգած է համոզել, եւ ոչ թէ հիւծել ահաբեկիչները՝ հաստատելով, որ ծայրայեղ քայլերու պէտք է դիմել ամէնէն ծայրայեղ կացութեան պարագային միայն։
<<Ի դէպ, անցնող 2 օրերին <<ոտքի վրայ>> է եղել նաեւ Հայաստանում գործող արեւմտեան դիւանագիտական կորպուսը: Իշխանութեան ներսում կարծում են, որ նրանցից մի քանիսն անուղղակիօրէն՝ գրանտների եւ այլ տեսքով ֆինանսաւորում են ապստամբներին: <<Զինուածութեան այն մակարդակը, որ կար ապստամբների մօտ, բաւականին <<թանկ հաճոյք էր>>, նշած է իշխանական աղբիւրը: Դեսպանները եւս անուղղակի հասկացրել են, որ հարցը պէտք է լուծուի բանակցութիւնների ուղիով: Ի դէպ, նախագահականից հրահանգ է եղել ՀՀԿականներին՝ <<չխօսել, քանի դեռ օպերացիան չի աւարտուել>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ