Խորենացի Փողոցի Ցուցարարներէն 16 Հոգի Ձերբակալուած Է

By Asbarez | Friday, 22 July 2016

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւանի քննչական վարչութիւնը ոստիկանութենէն նիւթեր ստացած է 20 Յուլիսի ուշ երեկոյեան տեղի ունեցած զանգուածային անկարգութիւններուն մասին։ «Նախապատրաստուած նիւթերի ուսումնասիրութեամբ պարզուել է, որ Յուլիսի 20ին՝ ժամը 22:15ի սահմաններում, մի խումբ ցուցարարներ կատարել են անկարգութիւններ, որոնք ուղեկցուել են գոյքի ոչնչացմամբ, իշխանութեան ներկայացուցիչ հանդիսացող, իրենց ծառայողական պարտականութիւնները կատարող Հայաստանի ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան ուղեկցող գումարտակի 2րդ վաշտի աշխատակիցների նկատմամբ բռնութեան գործադրմամբ, որի հետեւանքով վտանգուել է հասարակական անվտանգութիւնը»:

Այս առիթով  յարուցուած է քրէական գործ՝ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 225րդ յօդուածի երկրորդ մասի յատկանիշներով: Կազմուած է քննչական խումբ, որ քրէական գործի նախաքննութեան բազմակողմանիութիւնը, լրիւութիւնն ու առարկայականութիւնը պահպանելով պիտի գործէ: Ձեռնարկուած են անյետաձգելի քննչական եւ որոնողական միջոցառումներու՝ դէպքին բոլոր հանգամանքները, մասնակիցները պարզելու նպատակով: Ներբեռնուած են եւ կ՛ուսումնասիրուին անկարգութիւններուն վերաբերեալ համացանցին մէջ առկայ տեսանիւթերը:

Զանգուածային անկարգութիւններուն անմիջական մասնակցութիւն ունենալու կասկածով բերման ենթարկուած է 28 անձ, որոնցմէ 16ը ձերբակալուած է:

20 Յուլիսին տեղի ունեցած դէպքին մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է նաեւ առողջապահութեան նախարարութիւնը՝ յայտնելով, որ վիրաւորներէն ոչ մէկուն կեանքը վտանգի տակ է։ Մայրաքաղաքի տարբեր բժշկական հաստատութիւններ դիմածներուն թիւը 51 է, անոնցմէ 28ը՝ ոստիկան:

Երեկոյեան հաղորդուեցաւ, որ պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւողներէն Պաւել Մանուկեան ArmLur.am-ին յայտնած է, որ «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման եւ իշխանութիւններուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին, անոնց կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի պատգամաւոր, ազատամարտիկ Վիտալի Բալասանեան:

«Շատ դժուար վիճակ է, իշխանութիւնները բերանը ջուր են առել, չեն կարողանում մի բան անել, մեզ համար մի յարգելի մարդ են ուղարկում՝ Վիտալի Բալասանեանին, որը մեր կողմից ընդունուած, իմ կողմից առաւել եւս: Այդ փուլում է: Հիմա այստեղ է, նա դուրս կը գայ, ամէն հարցերին կը պատասխանի», ըսած է Մանուկեան:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement