<<Այդ 25 զինեալ տղաները պէտք է վերջնական որոշում կայացնեն, հանդարտ կերպով արագ այս հարցը լուծեն>>. Պարգեւ Սրբազան

By Asbarez | Friday, 22 July 2016

0722barkev

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան կը գտնուի Հայաստան. ան լրագրողներուն հետ զրուցելով անդրադարձած է Էրեբունիի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան շէնքի զինուած գրաւումին։ <<Այդ 25 զինեալ տղաները՝ Պաւլիկ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ, իրենք պէտք է վերջնական որոշում կայացնեն հանդարտ խաղաղ կերպով արագ այս հարցը լուծեն, որովհետեւ ի վերջոյ դա նորից բերելու է ողբերգութեան, որը ոչ մէկիս ձեռնտու չէ>>, ըսած է ան։

Պարգեւ սրբազան նշած է, որ այլ բարդ գերխնդիրներ կան՝ մասնաւորապէս Արցախի խնդիրը:

<<Երէկ Ալիեւը ստորագրեց, որ Թուրքիային է տրամադրում ռազմական մի բազա եւ օդանաւակայան: Մենք պէտք է խոհեմութիւն դրսեւորենք ազգովի եւ հանդարտ կերպով դուրս գանք այս իրավիճակից>>, դիտել տուած է Պարգեւ սրբազան՝ Խորենացի փողոցին մէջ գտնուողներուն կոչ ուղղելով դադրեցներու ներքին ցնցումները եւ իրարու վրայ ձեռք չբարձրացնելու:

Արցախի թեմի առաջնորդը շեշտած է, որ, անկախ քաղաքական ճաշակէն, կարգավիճակէն, տարիքէն, հայը հայուն համար պէտք է սրբութիւն ըլլայ:

<<Հայը հայի հանդէպ պէտք է լինի սիրով, մեծագոյն յարգանքով>>, ըսած է ան եւ նշած, որ բանակցութիւնը միայն աշխարհիկներուն գործը չէ:

 



comments