Նախագահ Սարգսեան. <<կը կարծենք, որ այս իրավիճակը արդէն աւելի երկար կը տեւէ, քան մենք կրնանք մեզի թոյլ տալ>>

By Asbarez | Sunday, 24 July 2016

22 յուլիսին նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան, դատախազութեան եւ քննչական մարմիններու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ: Նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուած են 17 յուլիսին Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին վրայ կատարուած զինեալ յարձակումին եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ իրականացուող միջոցառումներուն արդիւնքները:

Նախագահին զեկուցուած է նաեւ, որ պարեկապահակային գունդի տարածքին մէջ պահուող պատանդները ազատ արձակելու, զինուած խումբի անդամներուն կողմէ զէնքը վար դնելու եւ իշխանութիւններուն յանձնուելու նպատակով մնայուն կերպով կը կատարուին աշխուժ բանակցութիւններ, կը ձեռնարկուին իրավիճակէն թելադրուող այլ անհրաժեշտ գործողութիւններու:

Սերժ Սարգսեան հաստատած է, որ ստեղծուած իրավիճակին խաղաղ լուծում տալու համար պէտք է ձեռնարկել կարելի բոլոր միջոցներուն` կարեւոր նկատելով ենթադրեալ բոլոր իրաւախախտումներու համակողմանի եւ անաչառ քննութիւնը, ինչպէս նաեւ մեղաւորներուն համար պատիժի անխուսափելիութեան ապահովումը: Խորհրդակցութեան իբրեւ արդիւնք իրաւապահ մարմիններու ղեկավարներուն տրուած են անհրաժեշտ յանձնարարականներ:

Ան դիտել տուած է, որ Հայաստան դժուար ու պատասխանատու օրեր կ՛ապրի` նշելով, որ պատճառներուն անդրադառնալու պահը չէ հիմա, սակայն <<բոլորս պէտք է անոնցմէ դասեր քաղենք>>: Նախագահը իր խօսքին մէջ ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուած գնդապետ Արթուր Վանոյեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն. <<Մենք պէտք է ընենք ամէն ինչ, որպէսզի այս բարդ իրավիճակը լուծուի եւ նման ողբերգութիւն այլեւս չկրկնուի>>, աւելցուցած է ան:

<<Այս վիճակին մէջ է մեր իրողութեան մէջ ամէնէն վտանգաւոր մտայնութիւնը` հարցերը լուծել բռնութեամբ եւ ուժի կիրարկումով: Այս մտայնութեան հետագայ զարգացումը յղի է շատ վտանգաւոր հետեւանքներով` մեր երկրի եւ պետականութեան համար:

<<Հայաստանի մէջ բռնի ուժով, յարձակումով եւ պատանդ վերցնելով հարցեր չեն լուծուիր: Եւ ատիկա մենք երբեք թոյլ պիտի չտանք: Այս իրավիճակին լուծումը պէտք է ըլլայ Հայաստանի եւ մեր հասարակութեան, պետութեան հասունութեան կարեւորագոյն քննութիւնը:

<<Ոստիկանութեան պարեկապահակային գունդի տարածքը գրաւած զինեալներուն կոչ կ՛ուղղեմ ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ իրենց սադրիչ գործողութիւններով չվտանգելու ուրիշներու կեանքը:

<<Պատանդները պէտք է ազատ արձակուին: Զինուած խումբը պէտք է վար դնէ զէնքը: Հետագայ լուծումը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն խստիւ պահպանումով: Անձնական վրէժխնդրութեան բոլոր փորձերը պիտի կասեցուին օրէնքի ուժով:

<<Այո՛, Հայաստանի մէջ դժգոհներ շատ կան: Սակայն թող ոչ ոք սխալի եւ մտածէ, որ կրնայ  որեւէ առիթ կամ պատճառ շահագործել մեր պետականութեան հիմքերը քայքայելու համար>>, ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Ան յորդորած է Հայաստանի հանրութեան բոլոր ներկայացուցիչները` իրենց քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքները օգտագործելու բացառապէս խաղաղ եւ օրէնքի ծիրին մէջ:

Սերժ Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ պէտք է շարունակել կարելի բոլոր միջոցներու դիմել` իրավիճակին վերջնական եւ խաղաղ լուծման համար: Ան կոչ ուղղած է զինեալ խումբին` ժամ առաջ վար դնելու զէնքը:

<<Մենք կը գործենք եւ պիտի գործենք համբերատար կերպով: Մեր երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացիի  կեանքը եւ առողջութիւնը սուղ է մեզի համար: Մենք չենք որդեգրած այսպիսի իրավիճակներու մէջ դասական նկատուող ճամբով: Այդպիսով մենք կարելիութիւն տուած ենք զինուած խումբին ետքայլ կատարելու համար: Յոյսով եմ, որ անոնք կը սթափուին:

<<Բայց մենք իրաւունք չունինք թոյլ տալու, որ մեր ամբողջ հանրութիւնը այս լարուածութեան պատանդը դառնայ:

<<Կը կարծեմ, որ այս իրավիճակը արդէն աւելի երկար կը տեւէ, քան մենք կրնանք մեզի թոյլ տալ: Ապրիլ ամիսէն դեռ այնքան շատ ժամանակ չէ անցած, որպէսզի մեր հասարակութիւնը  ինքնիրեն թոյլ տայ մոռնալու տեղի ունեցածը:

<<Անգամ մը եւս բոլորիս զգօնութեան եւ զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղեմ` յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, յանուն մեր ժողովուրդի ապագային>>, խորհրդակցութեան ընթացքին ըսած է Հայաստանի նախագահը:

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement