By Asbarez | Tuesday, 26 July 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.– Հայաստանի ոստիկանութիւնը 24 Յուլիսին՝ <<Կիրակնօրեայ հերթապահ մաս>> հաղորդման ընթացքին հրապարակած է 17 Յուլիսին պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած զինուած խումբի 31 անդամներու անունները:
Գրաւող զինեալներն են՝ Պաւել Մանուկեան, Տիգրան Մանուկեան, Արամ Յակոբեան, Արմէն Լամբարեան, Գագիկ Եղիազարեան, Արեգ Կիւրեղեան, Սմբատ Բարսեղեան, Էդուարդ Գրիգորեան, Արմէն Բիլեան, Վարուժան Աւետիսեան, Աշոտ Պետրոսեան, Թորոս Թորոսեան, Մխիթար Աւետիսեան, Թաթուլ Թամրազեան, Վարդան Գերաւետեան, Գէորգ Իրիցեան, Սեդրակ Նազարեան, Մարտիրոս Յակոբեան, Արթուր Սողոմոնեան, Արայիկ Խանդոյեան, Սերգէյ Կիւրեղեան, Յովհաննէս Յարութիւնեան, Յովհաննէս Վարդանեան, Ռուբէն Գրիգորեան, Արայիկ Յակոբեան, Գէորգ Մելքոնեան, Գառնիկ Յովակիմեան, Արթուր Մելքոնեան, Էդգար Սողոմոնեան, Արամ Մանուկեան եւ Տիգրան Սարգսեան:
Ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան 25 Յուլիսին Դիմատետրի իր էջին վրայ հրապարակած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կոչը՝ ուղղուած զինեալներուն։ Ան նշած է, որ այդ կոչը հասանելի եղած է զինուած խումբի անդամներուն:
<<2016 թուական Յուլիսի 17ից մինչ օրս զինուած խմբի կողմից Ոստիկանութեան ՊՊԾ գնդի տարածքի զաւթման ընթացքում, ըստ այս պահին առկայ նախնական տուեալների, կատարուել են առնուազն հետեւեալ յանցանքները՝ վերցուել են պատանդներ (Հայաստանի քրէական օրէնսգրքի 218 յօդուած), զաւթուել են շէնքեր, շինութիւններ, տրանսպորտի, հաղորդակցութեան միջոցներ (Հայաստանի քրէական օրէնսգրքի 219 յօդուած), ապօրինի կերպով ձեռք է բերուել, պահուել, փոխադրուել եւ կրուել է հրազէն (Հայաստանի քրէական օրէնսգրքի 235 յօդուած): Այս յանցանքները կատարած անձանց սպասում է մինչեւ 15 տարի ժամկէտով ազատազրկում: Արդէն իսկ կատարուած յանցաւոր գործողութիւնների համար անխուսափելիօրէն վրայ հասնելիք քրէական պատժի տեսակի եւ խստութեան աստիճանի վրայ էապէս ազդելու են զինուած խմբի իւրաքանչիւր անդամի կատարած գործողութիւնների բնոյթը եւ առաջացրած հետեւանքների ծանրութիւնը>>, նշուած է կոչին մէջ:
Ըստ կոչին՝ Հայաստանի օրէնսդրութեամբ նախատեսուած հիմքերուն եւ պայմաններուն առկայութեան պարագային իր պահանջներէն հրաժարած եւ պատանդին կամովին ազատ արձակած անձը ազատ կը կացուցուի քրէական պատասխանատուութենէն, եթէ անոր գործողութիւնները այլ յանցանք չեն պարունակեր:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը զինուած խումբի անդամները յորդորած է դրսեւորել ողջամտութիւն եւ, հաշուի առնելով վերոնշեալ հանգամանքները, կամովին վար դնել զէնքը ու յանձնուիլ իշխանութիւններուն: <<Դրա համար դուք դեռ ժամանակ ունէք: Այս առաջարկն ընդունողները պէտք է կատարեն հետեւեալ գործողութիւնները՝ դուրս գալ անցագրային կէտից, զէնքը պահել գլխավերեւում եւ թեքուելով աջ, առաջանալ մօտ 50 մետր, շինանիւթի խանութի յարակից տարածքում տեղադրուած հովանոցների մօտ վայր դնել բոլոր զէնքերը, ճանապարհի կենտրոնական մասով առանձին-առանձին մօտենալ ոստիկանութեան ծառայողներին>>, նշուած է կոչին մէջ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ