By Asbarez | Tuesday, 26 July 2016
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Յուլիսին այցելած է Քաշաթաղի շրջան, ուր ծանօթացած է Հագարի եւ Աղաւնոյ գետերուն վրայ ջրելեկտրակայաններու կառուցման աշխատանքներուն։
Նախագահը Քաշաթաղի շրջանի ջրային պաշարներու օգտագործումը նկատած է ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունեցող ծրագիր երկրի ընկերային-տնտեսական զարգացման համար՝ նշելով, որ պետութիւնը ասկէ ետք եւս յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ այդ բնագաւառին:
Այնուհետեւ Բակօ Սահակեան Ծիծեռնավանք գիւղին մէջ խորհրդակցութեան հրաւիրած է շրջանային վարչակազմի ղեկավարութիւնը ու շրջանի հիւսիսային թեւի համայնքներու ղեկավարները՝ քննարկելու այնտեղ առկայ խն-դիրները եւ զարգացման հեռանկարները: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է վերաբնակեցման հարցերուն եւ բերքահաւաքի ընթացքին:
Համապատասխան զեկոյցով հանդէս եկած է Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Սուրէն Խաչատրեան:
Նախագահ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուած է քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման վերաբերեալ:
Նախագահին կ՛ընկերակցէին վարչապետ Արա Յարութիւնեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ