By Aztag Daily | Wednesday, 27 July 2016

Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդին յարակից տարածքէն` Խորենացի փողոցէն 25 յուլիսի երեկոյեան սկսած հերթական հաւաքը շարունակուեցաւ երթով: Հանրահաւաքի երթուղիին մասին յայտարարեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան: Երթին մասնակիցները շարժեցան Նար Դոսի, Վարդանանց փողոցով դէպի Սախարովի անուան հրապարակ, հոնկէ թեքեցան աջ` դէպի Նալբանդեան փողոց, այնուհետեւ Նալբանդեան-Թումանեան քառուղիէն մասնակիցները ընթացան դէպի Աբովեան փողոց, ապա` Հանրապետութեան հրապարակ: Հանրապետութեան հրապարակէն, Տիգրան Մեծի փողոցով, երթին մասնակիցները կրկին վերադարձան Խորենացի փողոց:
Երթին նախորդած հաւաքին ընթացքին Հիմնադիր խորհրդարանի անդամ Ալեք Ենիգոմշեան նշեց, որ օրուան ընթացքին կրցած են հաղորդակցիլ զինեալ խումբի անդամներուն հետ` աւելցնելով, որ մինչեւ հաւաքի սկիզբը որեւէ զարգացում չէ արձանագրուած, եւ փոփոխութիւններ չկան: Ենիգոմշեանի համաձայն, որեւէ փոփոխութիւն չկայ նաեւ իշխանութիւններուն եւ զինուած խումբին միջեւ բանակցութիւններու առումով, հակառակ անոր որ բանակցողի դերը, Արցախի հերոս, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վիթալի Բալասանեանի փոխարէն, ստանձնած է <<Սիսիան>>-ի ջոկատի հրամանատար Աշոտ Մինասեան:
Մինչ այդ, պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին մէջ երրորդ փոխադրամիջոց մը հրկիզուեցաւ: Դիմատետրի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան: Աւելի կանուխ Աշոտ Ահարոնեան յայտնած էր, որ զինուած խումբը հրկիզած է նաեւ գունդի ծառայողական <<Շեւրոլէ>> տիպի պասը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ