By Aztag Daily | Wednesday, 27 July 2016

<<Սասնայ ծռեր>> համակարգող խումբի անդամ, քաղաքագէտ Ալպերթ Բաղդասարեան 25 յուլիսին Խորենացի փողոցին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ <<Սասնայ ծռեր>>-ուն պայքարը պիտի վերածուի քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժման:
Անոնք պիտի օգտագործեն սահմանադրութեան շնորհած բոլոր իրաւունքները: <<Խաղաղ երթեր, ցոյցեր, նստացոյցեր, քաղաքի տարբեր մասերուն մէջ անհնազանդութեան գործողութիւններ պիտի կատարուին, պետական պաշտօնեաներէն պատասխան պահանջելն է, փողոցները փակելը, բոլոր քայլերը, որոնք իշխանութիւնը կը ստիպեն գալ քաղաքացիական դաշտ եւ քաղաքական լուծումներ տալ այն խնդիրներուն, որոնք ոչ թէ <<Սասնայ ծռեր>>-ուն պահանջն են, այլ բոլոր քաղաքացիներուն, կամ գոնէ քաղաքացիներուն` իշխանութենէն չօգտուողներուն պահանջը: Տղաները ուղղակի այդ պահանջը ամփոփած են եւ այս ցցուն քայլով ցոյց տուած են, որ այլ ելք չկայ, կը դիմենք ասոր>>, ըսած է Ալպերթ Բաղդասարեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ