By Asbarez | Wednesday, 27 July 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Ոստիկանութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ, որ <<Սասնայ Ծռեր>> զինեալ խումբի կողմէ գրաւուած տարածքէն ներս հրաձգութիւն տեղի ունեացած է, որու ընթացքին վիրաւորուած են խումբի ղեկավար Պաւլիկ Մանուկեանն ու անոր որդին, ինչպէս նաեւ ոստիկան մը:
Նոյն հաղորդագրութենէն կ՛իմանանք, որ զինուած խումբի անդամներէն Գագիկ Եղիազարեանն ու Արամ Յակոբեանը յանձնուած են ոստիկաններուն:
<<Տեղի է ունեցել փոխհրաձգութիւն, որի հետեւանքով վիրաւորուել է իրաւապահներից մէկը, ինչպէս եւ Պաւել Մանուկեանն ու նրա որդի Արամը: Երեքն էլ անմիջապէս տեղափոխուել են հիւանդանոց: Այս պահին հրաձգութիւնը դադարել է եւ ընթանում են բանակցութիւններ՝ զինուած անձանց յանձնուելու գործընթացը աւարտին հասցնելու համար>>, գրած է ոստիկանութեան տեղեկատուական բաժնի պետ Աշոտ Ահարոնեան՝ իր դիմատետրի էջին վրայ:
<<Սասնայ Ծռեր>>ու հրապարակած տեղեկատուութեան համաձայն, ոստիկանները մտած են գրաւուած տարածքէն ներս եւ առեւանգած են հրաձգութեան ընթացքին վիրաւորուած Պաւլիկին ու իր զաւկին՝ Արամին, ինչպէս նաեւ Գագիկ Եղիազարեանին ու Արամ Յակոբեանին:
Ոստիկանութիւնը Խորենացի փողոցի վրայ գտնուող բազմաթիւ քաղաքացիներ բերման ենթարկած է:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ