Պաւլիկ Մանուկեան հացադուլի դիմած է

By Asbarez | Friday, 29 July 2016

 

0729bavlig

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - <<Թերթ>>ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին օրեր առաջ վիրաւորուած եւ հիւանդանոց փոխադրուած Պաւլիկ Մանուկեանի եւ անոր որդիին՝ Արամ Մանուկեանի պաշտպան Ինեսսա Պետրոսեան յայտարարած է, որ <<Սասնայ ծռեր>> խումբի անդամ Պաւլիկ Մանուկեան 27 Յուլիսէն հացադուլ յայտարարած է եւ կը մերժէ դեղորայք ստանալ՝ բողոքելով իրեն դէմ կատարուած ոստիկանական գործողութեան դէմ:

Անոր համաձայն՝ ոչ մէկ գործնական քայլ առնուած է, որպէսզի Պաւլիկ Մանուկեանը կարելի ըլլայ համոզել հրաժարելու իր այս քայլէն։

<<Քիչ առաջ կինը եւ աղջիկը ցանկանում էին տեսակցել նրան, սակայն թոյլ չտրուեց այն հիմնաւորմամբ, որ վարոյթն իրականացնող մարմինը որոշում է ընդունել արգելանք դնել տեսակցութիւնների եւ հեռախօսազանգերի վրայ>>, ըսած է Պետրոսեան։

Փաստաբանը աւելցուցած է, որ առաւօտեան ինք տեսակցած է Արամ Մանուկեանի, կէսօրին՝ Պաւել Մանուկեանի հետ. անոնց առողջական վիճակը ծանր կայուն է:

Ինեսսա Պետրոսեանի համաձայն՝ Արամ Մանուկեան կը գտնուի շատ վատ պայմաններու մէջ՝ <<Դատապարտեալներու հիւանդանոց>>ը. ան դիտել տուած է, որ անոր ենթարկուած վիրաբուժութենէն ետք զայն պէտք չէ փոխադրէին, այլ պէտք է մնար <<Էրեբունի>> հիւանդանոցը։

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն <<Թեր>>չին յայտնած են, որ Պաւլիկ Մանուկեան սկսած է ինքնուրոյն շնչել, արհեստական շնչառութեան գործիքը անջատուած է։

Առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Անահիտ Հայթայեանի համաձայն՝ Պաւլիկ Մանուկեանի վիճակը կայուն ծանր է, սակայն կայ դրական փոփոխութիւն։ Լրագրողը հարցուցած է, որ հացադուլ կատարելու անոր որոշումը արդեօք ժխտական անդրադարձ պիտի չունենա՞յ առողջական վիճակին վրայ. Հայթայեան նշած է, որ ատիկա պիտի ճշդեն բժիշկները։

 



comments