Ոստիկանութիւնը բիրտ ուժ կը կիրառէ ցուցարարներու եւ լրագրողներու դէմ

By Asbarez | Saturday, 30 July 2016



ԵՐԵՒԱՆ -  <<Ազատութիւն>> հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմաթիւ քաղաքացիներ երթով շարժեցան դէպի Խորենացի փողոց, սակայն, փոխանակ ուղղակիօրէն երթալու դէպի <<Սասնայ ծռեր>>ուն կողմէ գրաւուած շէնքը, փոխեցին իրենց ճամբան եւ անակնկալի բերելով ոստիկանութիւնը՝ Սարի Թաղին վրայով շարունակեցին իրենց երթը:

Խորենացի փողոցին վրայ, ոստիկանութիւնը յատուկ միջոցներ գործածելով ցրուեց այնտեղ հաւաքուած փոքրաթիւ ցուցարարները՝ անոնցմէ շատերը բերման ենթարկելով:

Նաեւ, Սարի Թաղի մէկ հատուածին վրայ կանգնած առաւել բազմամարդ ցուցարարներուն հեռանալու վերջնագիր տրուեցաւ Երեւանի ոստիկանութեան պետ Աշոտ Կարապետեանի կողմէ: Ցուցարարները առաջնորդող Արմէն Մարտիրոսեան եւ Լեւոն Բարսեղեան փորձեցին համոզել ոստիկանապետը, թէ իրենք այդ հատուածէն առաջ պիտի չերթան եւ որոշած են մնալ իրենց տեղը:

Հինգ վայրկեանի վերջնաժամկէտէն ետք, ոստիկանները, Լեւոն Երանոսեանի հրամանով, մահակներու հարուածներով ու պայթուցիկներ գործածելով փորձեցին ցրուել ցուցարարները: <<Ազատութեան>> լրագրողները եւս ծեծի ենթարկուեցան: Ծեծի ենթարկուեցաւ նաեւ Արմէն Մարտիրոսեան: Ցուցարարները նահանջեցին դէպի Նարդոսի փողոց: Քաղաքացիական հագուստով ոստիկաններ յարձակում գործեցին նաեւ նահանջող քաղաքացիներու վրայ: Այստեղ եւս ոստիկանները բերման ենթարկեցին բազմաթիւ քաղաքացիներ:

Ոստիկանները յատուկ թիրախ դարձուցած են լրագրողները՝ ջարդելով անոնց նկարչական սարքերը։

 

comments