Հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին. Հասած է եզրակացութիւններ կատարելու ժամանակը. Այս փուլին մեր նպատակը նաեւ ազգային համաձայնութեան իշխանութիւն ձեւաւորելն է - յայտարարեց նախագահ Սերժ Սարգսեան

By Aztag Daily | Wednesday, 03 August 2016

<<Անընդունելի իրավիճակը աւարտած է, սակայն ամբողջական հանգուցալուծման համար տակաւին կանուխ է>>, երէկ նախագահի նստավայրին մէջ հասարակութեան տարբեր շերտերու  ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` մեկնաբանելով ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդին վրայ  զինեալներու խումբի կատարած յարձակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը:

<<Նախ եւ առաջ պէտք է իրականացուի մանրազնին հետաքննութիւն, համակողմանի եւ անաչառ քննութիւն, բաց դատավարութիւն: Իւրաքանչիւր անձ պէտք է պատասխան տայ իր արարքներուն համար միայն ու միայն օրէնքի առջեւ: Որեւէ այլ դրսեւորում պիտի չըլլայ, անձնական վրէժխնդրութեան բոլոր փորձերը պիտի կասեցուին օրէնքի ուժով>>, վստահեցուցած է նախագահը:

<<Հասած է եզրակացութիւններ կատարելու ժամանակը: Այս իրադարձութիւններու ամբողջական վերլուծութիւնը դեռ երկար ժամանակ կը պահանջէ: Սակայն մէկ բան ակնյայտ է. ներհայաստանեան հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ անհրաժեշտ է արագացնել արմատական փոփոխութիւններու հոլովոյթը>>, նշած է նախագահը:

Նախագահ Սարգսեան իր ելոյթին զգալի մասը տրամադրած է <<զէնքով եւ բռնութեամբ հարցեր լուծելու աղէտալի մտայնութեան>> եւ անթոյլատրելի նկատած է անցեալ երկու շաբթուան ընթացքին երկրին կրած կորուստները` <<մարդկային, հասարակական, արժէքային կորուստներէն  սկսեալ մինչեւ այն հսկայական հարուածը, որ ունեցաւ մեր տնտեսութիւնը>>:

<<Զէնքով եւ բռնութեամբ Հայաստանի մէջ հարցեր չեն լուծուիր>>, ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան` աւելցնելով. <<Ոեւէ անձ կրնայ չսիրել իշխանութիւնները, կրնայ չսիրել կառավարութիւնը, չսիրել նախագահը եւ կտրուկ դէմ ըլլալ այն քաղաքականութեան, որ կ՛իրականացուի, բայց չսիրելը ամենեւին հիմք չէ հերոսացնելու համար զէնքով հարցեր լուծողը: Իշխանութիւնները կու գան ու կ՛երթան, ահաբեկչութեան խրախուսումը քաղցկեղի պէս կը մնայ ու կը տարածուի, կ՛ոչնչացնէ մեր ժողովուրդին կողմէ ստեղծուած ամէն ինչ: Ասկէ պէտք է սարսափիլ, ասիկա հիմնովին պէտք է արմատախիլ ընել>>:

Հանրապետութեան նախագահը խօսած է նաեւ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն  <<լուծումները արագացնելու>> անհրաժեշտութեան մասին` նշելով. <<Այս փուլին մեր նպատակը նաեւ ազգային համաձայնութեան իշխանութիւն ձեւաւորելն է, ուր լուծումներու իրականացումը կ՛ըլլայ լայն համաձայնութեան դաշտի պատասխանատուութեան ներքոյ: Սահմանադրական բարեփոխումները այդ մասին էին, այդպիսի իշխանութիւն ձեւաւորելու հիմքը դրուած է այդ բարեփոխումներով>>:

Պնդելով, որ նման <<Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան>> ձեւաւորման հաստատութենական ամբողջ հենքը արդէն ապահովուած է, նախագահ Սարգսեան յայտարարած է. <<Վստահաբար կը պնդեմ, որ ընդամէնը ամիսներ ետք մենք պիտի ունենանք այդպիսի կառավարութիւն, այդպիսի իշխանութիւն>>:

Նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւններուն` վստահեցնելով, որ <<միակողմանի զիջումներ պիտի չըլլան>>:

<<Լեռնային Ղարաբաղը երբեք պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Բացառուած է: Անգամ մը եւս կը կրկնեմ` բացառուած է: Ես իմ ամբողջ գիտակցական կեանքս նուիրած եմ այս խնդիրին: Եւ իմ ժողովուրդիս համար ընդունելի տարբերակի հասնելու համար միշտ պատրաստ եղած եմ զոհաբերելու ոչ միայն պաշտօն, այլեւ կեանքս>>, յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

 


comments