By Asbarez | Wednesday, 03 August 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցած ցոյցին ընթացքին՝ 30 Յուլիսին, ինքնահրկիզման փորձ կատարած Քաջիկ Գրիգորեանը 2 Օգոստոսին մահացած է Ճառագայթային բժշկութեան եւ այրուածքներու գիտական կեդրոնին մէջ։
Նախապէս հիւանդանոցէն յայտնած էին, որ Քաջիկ Գրիգորեանի վիճակին մէջ ոչ մէկ բարելաւում կայ, եւ անոր այրուածքները երկրորդ՝ թունաւորման շրջան թեւակոխած էին:
Նշենք, որ անոր վերին շնչուղիներուն 15 եւ մարմնի մակերեսին 55 տոկոսը այրած էր:
50ամեայ Քաջիկ Գրիգորեանը ինքնահրկիզման փորձ կատարած էր 30 Յուլիսին, երբ <<Սասնայ ծռեր>> խմբաւորման պահանջներուն սատարող քաղաքացիները երթով ուղղուած էին դէպի Բաղրամեան պողոտայ եւ, հանդիպելով ոստիկաններու շարքին ու պողոտան փակած փշալարերուն, որոշած էին նստացոյց ընել: Հաւաքին մասնակիցները անմիջապէս փորձած են կրակը մարել, անկէ ետք Գրիգորեան թաքսիով գացած է հիւանդանոց՝ մերժելով նստիլ ոստիկանական ինքնաշարժ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ