Ոստիկանապետը յանձնարարած է յայտնաբերել Սարի Թաղի դէպքերը հրահրած քաղաքացիները

By Asbarez | Thursday, 04 August 2016

0804policevioloence

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի ոստիակնութեան պետ Վլադիմիր Գասպարեան գործադիր ծառայութիւններու ղեկավարներուն յանձնարարած է յայտնաբերել 29-30 Յուլիսին Սարի Թաղի միջադէպին մասնակից քաղաքացիները, որոնք սադրած են բախումները եւ բռնութիւն գործադրած են հաւաքի մասնակիցներուն, լրագրողներուն ու ոստիկաններուն նկատմամբ:

Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութենէն յայտնած են, որ ոստիկանութեան պետ Վլադիմիր Գասպարեանի յանձնարարականով վերոնշեալ դէպքերուն առնչութեամբ ոստիկանութեան ներքին անվտանգութեան վարչութեան կողմէ սկսած են ծառայողական քննութիւններ՝ թէ՛ ոստիկաններուն կողմէ անհամաչափ ուժ բանեցնելու, եւ թէ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու եւ անոնց սարքերը կոտրելու դէպքերով։

 

 



comments