By Asbarez | Saturday, 06 August 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ապօրինի կերպով զինամթերք ձեռք բերելու եւ պահելու փաստին ծիրին մէջ յարուցուած քրէական գործով կատարուող գործողութիւններուն եւ խուզարկութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Երեւան քաղաքի բնակիչ Գ.Ս.ի բնակարանին մէջ յայտնաբերուած է մեծ քանակութեամբ զինամթերք: Ձերբակալուած են երկու անձեր։
<<Մասնաւորապէս, առգրաւուել եւ փորձաքննութեան են ուղարկուել շուրջ 6 հազար փամփուշտ, 15 հատ նռնակ, նռնակի ճայթիչներ, տրոտիլ պայթուցիկ նիւթեր, կապսուլ-դետոնատորներ, ազդանշանային հրթիռներ, ինքնաձիգի լիցքաւորուած փամփշտակալներ, հակատանկային ակա-նանետ, ռադիօկապի միջոց, ականորսիչ եւ այլն>>, յայտնած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն։
<<Ստացուած դատավարական եւ օպերատիւ տուեալների համաձայն՝ յայտնաբերուած ռազմամթերքը կարող է առնչութիւն ունենալ Ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գնդի տարածքը զաւթած զինուած խմբի յանցաւոր գործունէութեան հետ: Նախաքննութեան ընթացքում ստուգւում են ինչպէս այս, այնպէս էլ հաւանական այլ վարկածները>>, նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ