Սասնայ Ծռերու քրէական գործով կայ 44 մեղադրեալ

By Asbarez | Saturday, 06 August 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը 15 օր գրաւած <<Սասնայ ծռեր>> զինուած խումբի գործով, ըստ Յատուկ քննչական ծառայութեան, մեղադրեալ նկատուած է 44 անձ, որոնցմէ 42ը կալանաւորուած է:

Նշուած է նաեւ, որ երկու հոգի ալ կասկածելի են, սակայն անոնց անունները չեն յայտարարուած։

Անոնք կը մեղադրուին պատանդ վերցնելու, շէնք-շինութիւններ զաւթելու եւ ապօրինի զէնք, զինամթերք պահելու, փոխադրելու կամ կրելու յանցանքով: Այս գործով տուժող նկատուած է 19 անձ, որոնցմէ 10ը որպէս պատանդ վերցուելու հանգամանքով:

<<Սասնայ ծռեր>>ու գործով, ըստ Յատուկ քննչական ծառայութեան, հիւանդանոց կը գտնուի 3 հոգի: <<Էրեբունի>> բժշկական կեդրոնի Վերակենդանացման բաժանմունքի գիտական ղեկավար Յարութիւն Մանգոյեան յայտնած է, որ զինուած խումբի անդամներ Արմէն Լամբարեանի եւ Սեդրակ Նազարեանի առողջական վիճակը կը շարունակէ ծանր մնալ:

Մանգոյեան նշած է, որ հրազէնային վէրք ստացած Արմէն Լամբարեանի վրայ խոշտանգման հետքեր չեն յայտնաբերուած. <<Էս պահին մի փոքր դժուար է կանխատեսում անել: Ամէն դէպքում, մենք ունենք դրական էդ միտումը: Ինձ թւում է, կարճ ժամանակահատուած յետոյ, եթէ ոչ մի նոր բարդութիւն չառաջանայ կապուած վէրքերի ու ինֆեկցիայի հետ, կարող է ենթակայ լինի բուժումը շարունակել ոչ վերակենդանացման բաժանմունքում>>, դիտել տուած է ան։

 

comments