By Asbarez | Saturday, 06 August 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - 19 Յուլիսին Երեւանի Խորենացի փողոցին մէջ եւ 29-30 Յուլիսի գիշերը Սարի Թաղին մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն առիթով կատարուող ծառայողական քննութեան նախնական արդիւնքներուն հիման վրայ Հայաստանի կարգապահական պատասխանատուութեան ենթարկուած են շարք մը ոստիկաններ:
Ոստիկանութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ ծառայողական պարտականութիւնները ոչ պատշաճ կատարելու՝ ենթակայ ուժերը հասարակական կարգի պահպանման ու հասարակական անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ ճիշդ չտեղաբաշխելու, իրավիճակէն բխող պատշաճ քայլերու չձեռնարկելու, պահպանուող անվտանգութեան գօտի երթի մասնակիցներուն մուտքը ժամանակին չսահմանափակելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն ու լրագրողներուն նկատմամբ բռնութիւն կիրառելու եւ լրագրողներուն նկարահանման գործիքներուն վնաս հասցնելու դէպքերը կանխելու ուղղութեամբ բաւարար միջոցներու չձեռնարկելու համար նկատողութիւն եւ խիստ նկատողութիւն տրուած է շարք մը ոստիկաններու: Անոնց կարգին են Երեւանի վարչութեան պետ, ոստիկանութեան հրամանատար Աշոտ Կարապետեան, պարեկապահակային ծառայութեան ոստիկանութեան գունդի հրամանատար, ոստիկանութեան գնդապետ Խաչատուր Աւետիսեան, պարեկապահակային ծառայութեան ոստիկանութեան գունդի հրամատարի տեղակալներ, ոստիկանութեան գնդապետներ Հրայր Հայրապետեան եւ Մկրտիչ Անտոնեան, պարեկապահակային ծառայութեան ոստիկանութեան գունդի 3րդ յատուկ գումարտակի հրամանատար, ոստիկանութեան հազարապետ Խաչատուր Յովակիմեան եւ ուրիշներ:
<<Բացի այդ, մի շարք ոստիկանների լիազօրութիւնները դադարեցուել են: Նրանց թւում են ոստիկանութեան զօրքերի շտաբի օպերատիւ բաժնի պետի տեղակալ, գնդապետ Լեռնիկ Երանոսեանը (Ներքին զօրքերի հրամանատար Լեւոն Երանոսեանի եղբայրը), Մաշտոցի բաժնի Դաւթաշէնի բաժանմունքի պետի տեղակալ, ոստիկանութեան կապիտան Արմէն Յարութիւնեանը եւ այլոք: Յիշեալ անձանց վերաբերեալ ծառայողական քննութեան նիւթերը ուղարկուել են ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութիւն՝ նրանց արարքներին քրէաիրաւական գնահատական տալու հարցը լուծելու նպատակով>>, նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ