By Asbarez | Wednesday, 10 August 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Յատուկ քննչական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ մեղադրանք առաջադրուած է ոստիկանութեան երկու սպաներու՝ լրագրողներու մասնագիտական օրինական գործունէութիւնը խոչընդոտելու եւ գոյքի մեծ վնաս պատճառելու համար:
<<2015 թուականի Յունիսի 23ին Երեւանի Բաղրամեան պողոտայում, Ազատութեան հրապարակում եւ յարակից տարածքներում ոստիկանութեան ծառայողների կողմից առերեւոյթ բռնութեան գործադրմամբ զուգորդուած պաշտօնէական լիազօրութիւններն անցնելու, պաշտօնէական դիրքն օգտագործելով՝ լրագրողի մասնագիտական օրինական գործունէութեանը խոչընդոտելու, ուրիշի գոյքը դիտաւորութեամբ ոչնչացնելու կամ վնասելու վերաբերեալ Յատուկ քննչական ծառայութիւնում իրականացուած նախաքննութեան ընթացքում մեղադրանք է առաջադրուել ոստիկանութեան աշխատակիցներ՝ ոստիկանութեան փոխգնդապետ Գ. Դ.ին եւ ոստիկանութեան կապիտան Տ. Հ.ին>>, նշուած է Յատուկ քննչական ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Յատուկ քննչական ծառայութեան յատկապէս կարեւոր գործերու քննիչը դատախազի հաստատմամբ որոշում տուած է ժամանակաւորապէս դադրեցնել ոստիկանութեան յիշեալ ծառայողներուն պաշտօնավարութիւնը:
Քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ