By Asbarez | Saturday, 13 August 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Մարտակերտի շրջանի Ալաշան գիւղին մէջ 25 Յուլիսին սկսած է թալիշցիներու բնակեցման գործընթացը: Այս մասին <<Նիուզ>>ին յայտնած է Թալիշի գիւղապետ Վիլեն Պետրոսեան:
Ան նշած է, որ արդէն 20 ընտանիք-ներ, որոնք ժամանակաւորապէս բնակութիւն հաստատած էին Ստեփանակերտի եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ, տեղափոխուած են Ալաշան:
Գիւղապետը յայտնած է, որ առողջարանային գիւղին մէջ գտնուող շուրջ 27 տուներու վերանորոգման աշխատանքները արդէն աւարտած են, եւ մինչեւ 1 Սեպտեմբեր 7 ընտանիք եւս պիտի տեղափոխուի Ալաշան:
<<Նախագահ Սահակեանն եկել էր, բնակութեան վայրի հետ կապուած խնդիրներ քննարկուեցին, Ալաշանում գտնուող թալիշցիները տեղեկացրին, որ ուզում են մշտապէս այստեղ մնալ, չեն ուզում տեղափոխուել Քոլատակ, որպէսզի համախմբուած մի վայրում լինենք>>, ըսած է գիւղապետը:
Ան նշած է, որ երեխաներու դպրոցի խնդիրը եւս պիտի լուծուի. հաւանական է, որ 1 Սեպտեմբերին Ալաշանի մէջ նախկին հիւանդանոցի շէնքին մէջ դպրոց բացուի:
<<Դասերը կարող են անցկացուել նախկին հոսփիթալի շէնքում, այսօրուայ դրութեամբ 14 դպրոցահասակ երեխաներ կան այստեղ: Տեսնենք ոնց կ՛ընթանայ գործընթացը>>, յայտնած է ան:
Անդրադառնալով Թալիշի մէջ տիրող իրավիճակին՝ գիւղապետը նշած է, որ կացութիւնը նոյնն է, հոն գիւղացիներու բնակեցման համար իրավիճակը կը շարունակէ մնալ վտանգաւոր: Անոր համաձայն՝ Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ վերջերս կրցած են հնձել գիւղացիներուն պատկանող խոտին մէկ մասը. <<Մի 70 հեկտար մնաց, որ չկարողացանք հնձել՝ կէսը վառուել էր, մի մասն էլ վտանգաւոր գօտում էր>>, նշած է ան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ