Վեհափառ Զգուշացում

By Asbarez | Tuesday, 16 August 2016

Արամ Ա. Կաթողիկոսի՝ Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով արտասանած պատգամին մէջ Հայաստանի վերջին դէպքերուն առնչուած բաժինը կը ներկայացնենք ստորեւ: Հայրապետական սոյն պատգամը խօսուեցաւ 13 Օգոստոս 2016ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի շրջափակը ողողած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեան:

 

Խոր ցաւով ու ընդվզումով հետեւեցանք Հայաստանի վերջին դէպքերուն: Նկատի ունենալով, որ յիշեալ դէպքերէն ետք սա առաջին առիթն է մեր ժողովուրդին իմ պատգամս ուղղելու, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով, որ ներկայ պատգամս արբանեակային սփռումով կը հասնի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, պիտի ուզէի կարգ մը մտահոգութիւններ բաժնել ձեզի հետ, ինչպէս նաեւ կարգ մը յիշեցումներ կատարել.

Առաջին հերթին, կ՛ուզեմ կարեւորութեամբ շեշտել, թէ Հայաստանն ու Արցախը յուզող հարցերուն գծով Սփիւռքը լսողի, դիտողի կամ հետեւողի կրաւորական վիճակի մէջ չի կրնար ըլլալ: Ո՛չ: Սփիւռքը ընելի՛ք եւ ըսելի՛ք ունի: Իր անկախութեան 25ամեակի սեմին,  Հայաստանը կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Պէտք է ըլլալ խոհեմ, իրապաշտ եւ արթուն՝ հեռու մնալով ամէն բան անցած նկատելու եւ վարդագոյն տեսնելու զգացական ու ոչ իրատես մօտեցումներէ:

Զգո՜յշ… եթէ փտածութիւնը դառնայ բնական երեւոյթ, ժողովրդային ընդվզումը ծաւալի եւ արտագաղթը շարունակուի նոյն թափով, Հայաստանի պետականութեան հիմքերը կրնան խախտիլ:

Զգո՜յշ… եթէ մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը, որ առանցքն է ու երաշխիքը մեր ազգին ու հայրենիքին հզօրութեան, տկարանայ, եթէ ժողովուրդ-իշխանութիւն փոխադարձ վստահութիւնը նահանջ արձանագրէ, ապա Հայաստանը կրնայ առաջնորդուիլ աննախատեսելի ու անյաղթահարելի տագնապներու:

Արդ, հասած է պահը ինքնաքննութեան՝ անկեղծ եւ իրապաշտ մօտեցումով. հասած է պահը մանաւանդ գործնական քայլերու դիմելու այսօ՛ր, վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ:

Իրաւունք չունի՛նք ժողովուրդը աղքատութեան տիղմին մէջ խրած պահելու: Տնտեսական տագնապը կը դառնայ աղբիւր ամէն տեսակ չարիքի:

Իրաւունք չունի՛նք Հայաստանը անիշխանութեան ալիքներուն մէջ տատանող երկրի մը վերածելու: Հայաստանը պետութիւն է իր սահմանադրութեամբ ու օրէնքներով:

Իրաւունք չունի՛նք ծով զոհողութեամբ իր անկախութեան վերատիրացած Արցախին գծով լպրծուն ու երկդիմի մօտեցումներ ունենալու, որոնք կրնան վտանգել Արցախի անկախութիւնը:

Միջին Արեւելքէն ու Կովկասէն ներս տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները, միջ-պետական շահերու նոր ձեւաւորումները, որոնք, զգո՜յշ…, ի վնաս Հայաստանին ու Արցախին կրնան ըլլալ, պէտք է ճի՛շդ տեսնել ու ճի՛շդ գնահատել եւ համապատասխան մօտեցումներ որդեգրել՝ ի պահանջել հարկին մեր դիւանագիտութեան միախառնելով մեր ժողովուրդի մարտունակ ոգին ու անտեղիտալի կամքը:

Մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին ցաւերուն ախտաճանաչումը պէտք է ճի՛շդ ու շո՛ւտ կատարել. եւ փոխանակ սոսկ ախտանշանները հեռացնելու, պէտք է իմաստութիւնն ու քաջութիւնը ունենանք մեր վէրքերը բուժելու եւ մեր ցաւերը դարմանելու՝ հաւաքական ճիգով:

Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ պէտք է մնալ ամէն տեսակ բռնութիւններէ ու բեւեռացումներէ, ի՛նչ ալ ըլլան անոնց դրդապատճառները: Բացարձակօրէն ընդունելի չէ, որ հայու արիւն հոսի Երեւանի մէջ: Հայու արիւն կրնայ թափիլ միա՛յն Հայաստանի ու Արցախի պատշպանութեան սրբազան ճանապարհին վրայ:

Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ պէտք է մնալ Հայաստան-Սփիւռք, ժողովուրդ-իշխանութիւն բաժանարար մտածելակերպերէ ու գործելակերպերէ: Մենք մէ՛կ ազգ ենք՝ մէ՛կ հայրենիքով, մէ՛կ անցեալով, ներկայով ու ապագայով:

Ա՛յս խոր գիտակցութեամբ ու ամբողջական յանձնառութեամբ միայն կրնանք մեր հայրենիքը հզօրացնել: Հայաստանը, Արցախը, ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր: Սա սոսկ լօզունգ պէտք չէ դառնայ, այլ՝ իւրաքանչի՛ւր հայու ու ամբո՛ղջ հայութեան կեանքի ուղեգիծը:

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement