By Yerkir Media | Thursday, 29 October 2009
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>>.- Թրքական <<Հիւրիյէթ>> պարբերականը Հոկտեմբերի 19ին հրապարակած յօդուածի մը մէջ գրած էր, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ոչ-պաշտօնապէս հայ-թրքական պատմական յանձնաժողովի ղեկավար նշանակած է պոլսահայ գիտնական մը:
Թերթի տուեալներով, այդ պատմաբանը անցեալ տարի Երեւանի մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի մէջ: Նշուած էր նաեւ, որ ան հայազգի առաջին պատմաբանն է, որ 1974ին ստացած էր Թուրքիոյ օրուան նախագահ Ֆահրի Քորութիւրքի թոյլտուութիւնը Օսմանեան արխիւները ուսումնասիրելու:
Կենսագրական այս փաստը հիմք տուած է <<Երկիր Մեդիա>>յին եզրակացնելու, որ խօսքը պոլսահայ պատմաբան եւ լեզուաբան Բարսեղ Թուղլաճեանի մասին է, որ եղած է նախագահ Քորութիւրքի կողմէ նման թոյլտուութիւն ստացած գիտնականը: Թրքական աղբիւրներ այս գիտնականին անունը աւելի յաճախ կը յիշատակեն իբրեւ Բարս Թուղլաճը:
Բարսեղ Թուղլաճեան, որ վերջերս Երեւան էր, հրաժարած է <<Երկիր Մեդիա>>յին մեկնաբանութիւն տալէ պատմաբաններու յանձնաժողովը գլխաւորելու համար իր թեկնածութեան առաջադրման, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու գծով տեղի ունեցող վերջին զարգացումներու մասին առ հասարակ:
Թուղլաճեանը խոստացած է <<Երկիր Մեդիա>>յին այդ նիւթի շուրջ խօսիլ 3 ամիս ետք, երբ կրկին Երեւան պիտի վերադառնայ իր գիրքի շնորհանդէսին մասնակցելու նպատակով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ