Աւարտեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան բանակումը

By Asbarez | Wednesday, 17 August 2016

0817arfpanagoum

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը 16 Օգոստոսին աւարտեց Բիւրականի մէջ կազմակերպուած բանակումը, որուն կը մասնակցէին աւելի քան 250 երիտասարդներ՝ հանրապետութեան տարբեր մարզերէն:

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական մարմինի անդամ Հայկ Իգիթեան նշած է, որ բանակումներուն ծագումը ունեցած է մարտական նշանակութիւն եւ այդ բոլորը առաւել յստակ երեւցան ապրիլեան իրադարձութիւններուն ընթացքին, երբ Երիտասարդական Միութեան խումբ մը երիտասարդներ միացան հայ զինուորներուն՝ պահելու Արցախի սահմանները: Անոր համաձայն՝ տակաւին Արցախեան պատերազմի տարիներէն ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը կը կազմակերպէր բանակումներ, որոնց նպատակն էր Հայաստանի տարբեր մարզերէն, Արցախէն եւ æաւախքէն երիտասարդներ ներգրաւելու ճամբով համահայկականութիւն ձեւաւորել: Երիտասարդ դաշնակցականը յայտնած է, որ 2016 թուականին իրենք կազմակերպած են 2 միջմարզային եւ մէկ համապետական բանակումներ, որոնց մասնակցած են աւելի քան 500 երիտասարդներ:

<<Մասնակից երիտասարդները 16–25 տարեկան են, Դաշնակցութեան Երիտասարդական Միութեան համակիրներ են: Բանակումի հիմնական նպատակը երիտասարդների մօտ ազգայնականութեան, բայց ոչ ազգայնամոլութեան սերմանելն է՝ ազգային ոգով դաստիարակելը: Մի քանի օրուայ ընթացքում երիտասարդներին սեմինարների միջոցով փորձել ենք լրացուցիչ գիտելիքներ փոխանցել, որի արդիւնքում նրանք զինուել են նոր գիտելիքներով եւ փորձում են այդ գիտելիքները կիրառել կեանքում>>, նշած է բանակումի պատասխանատու Խաչատուր Ստեփանեան:

Բանակողներուն կազմած խումբերէն <<Լիզպոն 5>> անունը կրողը ներկայացուցած է ծրագիր մը, որուն մէջ նշած են, որ երիտասարդները պատրաստ են հարկ եղած պահուն մեկնելու Արցախ եւ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու  կարիք ունեցող զինուորներուն: Իրենց ծրագիրին մէջ անոնք առանձնացուցած են քանի մը խնդիրներ, որոնք առկայ են Արցախի մէջ, ինչպէս՝ բանակին մէջ ծառայելէ մեծ թիւով երիտասարդներու խուսափումը, զինամթերքի պակասը, սահմանամերձ բնակավայրերէն բնակչութեան արտագաղթը: Այս խնդիրներուն համար անոնք ունէին իրենց մշակած լուծումները՝ փոքրուց երեխաներուն մօտ հայրենասիրութիւն քարոզել, սեփական արտադրութիւն ստեղծել եւ սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ աշխատատեղեր բանալ:

Բանակումի մասնակիցները ներկայացուցած են իրենց սորված մարտական հնարքները, յաղթահարած արգելագօտիները՝ ցուցադրելով իրենց ֆիզիքական պատրաստուածութիւնը: Այնուհետեւ երիտասարդները ողջունած են աւագ դաշնակցականները:

<<Արմէնփրէս>>ը զրուցած է բանակումի մասնակից երիտասարդներէն Տարօն Մանուկեանի հետ, որ արդէն երրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցի բանակումին. ան փորձած է յայտնել, թէ ինչու ընտրած է այս ուղին:

<<Դաշնակցութեան գաղափարները ինձ համար հարազատ են, բացի այդ, նպատակ ունեմ շարունակելու հօրս ճանապարհը, այդ պատճառով ընտրել եմ հէնց այս ուղին: Այս կառոյցը կարեւոր է նրանով, որ այստեղ տիրում է ընկերասիրութիւնը: Բանակումը նպաստում է, որպէսզի մենք ձեռք բերենք գիտելիքներ եւ ազգային արժէքներ, որոնք շատ կարեւոր են հայ երիտասարդի համար>>, ըսած է ան։

 



comments